2010-01-19 13:40:18

Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը։


Երեքշաբթի 19 Յունուար 2010, քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ երկրորդ օրը. ''Յիսուս ըսաւ անոնց. ի՞նչ բանի մասին կը վիճաբանէիք իրարու հետ'' վկայութիւն տալ մեր քրիստոնէական հաւատքին բաժնելով մեր պատմութիւնը, նիւթին մասին։

Քրիստոնեաներու Միութեան Շաբաթուան սկիզբը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ'ընդունի ֆինլանտիայի լիւտերանական մէկ պատուիրակութիւնը։

՜՜ամպարպնդենք երկխօսութեան մեր կապերը կատարեալ միութեան հաստատումին ի խնդիր՝՝ըսած է Նորին սրբութիւնը։

Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի 82րդ շաբաթուան սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ֆինլանտիայի լիւտերանական մէկ պատուիրակութիւնը սուրբ Հենրիքոսի տօնին առիթով։ Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած ճառով ընդգծեց կարեւորութիւնը երկխօսութեան երկու եկեղեցիներու միջեւ, եւ դիտել տուաւ թէ ֆինլանտիայի մէջ արեւելեան թէ արեւմտեան եկեղեցիները միատեղ կ'ապրին ու կը բաժնեն ճշմարիտ թէեւ անկատար հաղորդութիւն։ Ապա Նորին Սրբութիւնը, անդրադարձաւ ''արդարացումի վարդապետութեան'' միացեալ յայտարարութեան մասին, որ անոր ստորագրութեան 10 տարի անցաւ, եւ կը ներկայացնէ դրական նշան մը վերագտնուած եղբայրակցութեան լիւտերականներու ու կաթողիկէներու միջեւ։

Յայտնենք թէ լիւտերանական ու կաթողիկէ եկեղեցին 25 տարիէ կը կազմակերպեն հանդիպումներ, կը կատարեն ուսումնասիրութիւններ ու երկխօսութիւն լիակատար միութեան հասնելու կամքով։










All the contents on this site are copyrighted ©.