2010-01-19 13:41:00

Լուրեր հայ աշխարհէն


Տոքթ. Գէորգ Պարտաքճեան Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Նախագահ Միացեալ Նահանգներ

Պոսթընի մէջ կայացած Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան տարեկան ժողովէն ետք, ընկերակցութիւնը յայտարարութեամբ մը կը հաղորդէ, թէ 2010ի նոր վարչութեան նախագահ ընտրուած է տոքթ. Գէորգ Պարտաքճեան, իսկ անոր անդամներն են Մարք Մամիկոնեան (փոխ նախագահ), տոքթ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան (քարտուղար), Յովան Սիմոնեան (գանձապահ) եւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Սիլվա Մանուկեան եւ փրոֆ. Քրիսթինա Մարանչի (խորհրդականներ)։ Ընկերակցութիւնը այս առիթով երախտագիտութիւն կը յայտնէ նախկին նախագահ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին ու նախկին վարչութեան անդամներ՝ փրոֆ. Արա Սանճեանին եւ տոքթ Անահիտ Քէշիշեանին, իրենց կատարած աշխատանքին համար։ Անցեալ տարի, Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը իր հիմնադրութեան 35ամեակը նշեց UCLAի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովով մը եւ ճաշկերոյթ-պարահանդէսով մը, լուսարձակ բանալով իր իրագործումներուն վրայ եւ վերահաստատելով իր առաքելութիւնը։

Լուրեր հայ աշխարհէն

Ֆեթհիէ Չեթինի Մեծ մայրս հատորը պուլկարերէնով

Թուրք փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթինի Մեծ մայրս հատորը առաջին անգամ ըլլալով հրատարակուեցաւ եւ ներկայացուեցաւ պուլկարերէնով, Արարատ նիուզ հրատարակչատան կողմէ։ Գիրքին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ, 20 դեկտեմբերին, ՀԲԸՄ-ի կողմէ կազմակերպուած Ս Ծննդեան համերգի ընթացքին։ Հեղինակ Ֆեթհիէ Չեթին Սոֆիա հրաւիրուած է վերոյիշեալ հրատարակչատան կողմէ եւ հիւրընկալուած՝ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Սոնիա Պետրոսեանի կողմէ։ Աւելի քան 300 անձեր, որոնց մէջ՝ Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սերգէյ Մանասարեան, ներկայ եղան գիրքի շնորհահանդէսին։ Ֆեթհիէ Չեթին յայտնեց, որ ինք պատիւ կը զգայ հանդիպելով Պուլկարիոյ հայ համայնքին եւ խօսելով իր գիրքին մասին։ Մեծ մայրս գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած է 2004-ին, Թուրքիոյ մէջ, եւ թարգմանուած է՝ հայերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի, յունարէնի, իտալերէնի եւ հոլանտերէնի։

Հայկական հին ձեռագործներու ցուցահանդէս Լոնտոնի մէջ

Նախաձեռնութեամբ՝ Լոնտոնի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին, Նաւասարդեան կեդրոնին մէջ վերջերս, տեղի ունեցաւ հայկական հին ձեռագործներու ցուցահանդէս, որ կը նպատակադրէր վերստին կենդանացնել արժէքաւոր ձեռային աշխատանքները, թարմացնել յիշողութիւնները, ցուցադրել զանոնք նոր սերունդին եւ քաջալերել հայ կիները՝ պահպանելու մեր մշակոյթի արժէքաւոր այս ճիւղը։ Ներկայացուած էին աշխարհի զանազան երկիրներէ ձեռագործներ՝ Հայաստանէն, Թուրքիայէն, Միջին Արեւելքէն, Արժանթինէն եւ այլ գաղութներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.