2010-01-18 13:55:08

Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը։


Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը։

Երկուշաբթի Յունուար 18 սկիզբ կ'առնէ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, որ ունի որպէս նպատակ՝ խթանել Աստուծոյ ժողովուրդը ընթանալու համամիութեան ճամբու վրայէն եւ գործելու քրիստոնեաներու կատարեալ միութեան համար, Աւետարանի անխոնջ քարոզութեան միջոցաւ ու տալով՝ եղբայրակցութեան օրինակ ։ Այս տարուայ խորհրդածութեան նիւթը առընչուած է Էտումպուրկի միսիոնարական հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ 10 Յունիսին Սքոցիայի Էտումպուրկ քաղաքը, ուր միատեղ պիտի հաւաքուին բողոքական ու անկլիգքան եկեղեցիներու աւելի քան 1000 ներկայացուցիչները։ Հաւաքին նպատակն է խորհրդածել ու աշխատիլ Եկեղեցւոյ միութեան ի խնդիր, որպէսզի ՜՜Աւետարանի քարոզութիւնը՝՝ աւելի հաւատալի ու ազդեցիկ ըլլայ ։ Արդարեւ Յիսուս վերջին ընթրիքի ընթացքին իր աշակերտներուն ըսաւ. ''Ամէնքը ձեզ պիտի ճանչնան իբրեւ իմ աշակերտներս, եթէ դուք զիրար սիրէք''։ Այդ ուղպղութեամբ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղօս Բ Քահանայապետը ''Թող մէկ ըլլան'' շրջաբերկան թուղթին մէջ կ'ընգծէր հարկաւորութիւնը՝ քրիստոնեաներու միջեւ հաշտութեան , որպէս ազդու միջոց աւետարանութեան։ Իսկ Պօղոս առաքեալը կը բացագանչէր ''վայ ինծի եթէ Աւետարանը չքարոզեմ''։ Այդ ուղղութեամբ քրիստոնեաներու միութեան շաբաթը առաջին օրուայ խորհրդածութեան համար կը թելադրէ ընթերցումը Ղուկասի Աւետարանի 24-րդ գլուխը, որ կը խօսի Յիսուսի Յարութեան մասին, ''ինչո՞ւ ողջ մարդը կը փնտռէք մեռելներու մէջ'' Ղուկ. 24,5։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.