2010-01-18 13:52:34

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշաբթի 18 յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց

Կարտինալ Լիովերա` կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարումի ժողովին,

Կարտինալ Անտրէ ԻԳ. առաջնորդը՝ Փարիզի թեմի եւ նախագահը՝ ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասին,

Ռաբունապետ Յակոբ Նըսներ եւ անոր կողակիցը,

Ու ֆինլանտայի լիւտերանական եկեղեցւոյ համիութենական մէկ պատուիրակութիւնը Ս. Հենրիքոսի տօնին առթիւ



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Հռոմի հրեայ հասարակութեան

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդառաջելով Հռոմի հրեայ համայնքի հրաւէրին, կիրակի 17 Յունուար 2010-ի յետմիջօրէին, այցելութիւն կատարեց հրէական տաճարին։ Այցելութիւնը, ջերմ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ։ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ վերակոչեց նացիական տարիները եւ Ս. Աթոռի ու կաթողիկէ համայնքի բերած սատարը հրեաները փրկելու գործին։ Սրբազան Քահանայապետին ճառը մեծ ծափողջոյններով աւարտեցաւ։

Իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց իր կամքը շարունակելու՝ ՜՜երկխօսութիւնը ու բարեկամութիւնը հրեայ ժողովուրդին հետ՝՝։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի վճիռները հաստատ կը մնան։ Ասիկա մեզի համար անվերադարձ քայլ մըն է դէպի երկխօսութիւն, եղբայրակցութիւն ու բարեկամութիւն հրեաներուն հետ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Նշենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը կատարուեցաւ 24 տարի ետք երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի այցելութեան, որ տեղի ունեցած էր, 13 ապրիլ 1986ին։

Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հրէական տաճարի այցելութեան առիթով Հռոմի Գրիգորեան համալսարանը գիտաժողով մը կազմակերպած է ''հրէական ողջակիզումը'' նիւթին մասին։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ



Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան մարմինը Յունուար 18-20 իր խորհրդաժողովը կը գումարէ Վատիկան, մասնակցութեամբ արեւմտեան եկեղեցիներու բարեսիրական 10 մարմիններուն,Ս. Երկրի եւ Սուտանի առաքելական դեսպաններուն ու Երուսաղէմի առաջնորդին։ Ժողովականները իրենց 82րդ հաւաքին մասնաւորապէս կ'ուսումանսիրեն արեւելեան ու կեդրոնական Եւրոպայի արեւելածէս կղերին նիւթական օգնութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկումը Էրիդրեայի, Եւդոպիայի ու Իրագի քրիստոնեաներու կացութեան։

Յայտնենք թէ Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան մարմինը հիմնուած է 1968ին եւ ունի որպէս նպատակ օգնութեան հասնիլ արեւելեան եկեղեցիներու նիւթական թէ հոգեւոր կարիքներուն։ Մարմնին նախագահն է Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը, ներկայիս՝ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին։



Վատիկանի մէջ երկու օրուայ հանդիպում-ժողով, ընդմէջ հրեայ-կաթողիկէ յանձնախումբի անդամներուն։

Յունուար 18-19, խօսակցութիւնները կը կեդրոնանան, ՜՜կաթողիկէ եւ հրեայ ուսուցումը արարչագործութեան ու բնապահպանութեան՝՝ նիւթին մասին` մարդկային միջամտութիւններու գրաւը բնութեան վրայ։ Կլոր սեղանին ժողովականները կը շօշափեն Սուրբ երկրի հարցը։







All the contents on this site are copyrighted ©.