2010-01-18 13:06:37

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ Մ ՈՍԿՈՒԱՅ։ Ընդ առաջելով Ռուս Դաշնակցութեան նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի հրաւէրին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կողակիցը տիկին Ռիթա Սարգսեանի ընկերակցութեամբ այսօր կարճատեւ աշխատանքային այցով Մոսկուա կ՝երթայ։ Հայաստանի նախագահը այսօր ուշ երեկոյան կը վերադառնայ Երեւան։
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէն շաբաթ օր Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Նախագահի մամլոյ գրասենեակի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Սերժ Սարգսեան եւ Ռոպըրթ Պրատքէն քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանն ու վերջին զարգացումները։ Միւս կողմէ, ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ լրատուութեան գրասենեակին, կը նախատեսուէր, որ Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը երէկ այցելէ նաեւ Ստեփանակերտ եւ հանդիպում ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի նախաահ Բակօ Սահակեանի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանի հետ։ 20 յունուարին Երեւան պիտի այցելեն Մինսքի խմբակի Համանախագահները։
,
ԸՍՏ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ։
Շաբաթ օր լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտարարած է, որ սփիւռքահայութիւնը կասկածով կը մօտենայ Հայաստանի պետական անձնաւորութիւններուն այն հաւաստիացումներուն, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ պիտի չդրուի Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն ընթացքին,աւելցնելով, որ այս իմաստով իր դերակատարութիւնը կ՝ունենայ թրքական կողմի ապատեղեկատուութեան եւ թրքական լրատու-միջոցներուն կողմէ հայաստանցի պաշտօնեաներուն խօսքերը ծուռ հայելիի ընդմէջէն ներկայացնելու պարագան։ Հրանուշ Յակոբեան դիտել տուած որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը առնչուած չէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման,աւելցնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան միջազգային ճանաչման իմաստով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նահանջ պիտի չարձանագրէ։
ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՄԵԿՆԵԼԷ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ԵՏՔ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԷՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱԾ Է։
՝՝News.am՝՝ լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու 15 յունուարին հեռաձայնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին եւ անոր հետ քննարկած շարք մը հրատապ միջազգային եւ շրջանային հարցեր, որոնց շարքին՝ իրանական հիւլէական ծրագիրի, Կիպրոսի եւ Պոսնիայի հարցերը։ Նախարարները նաեւ միտքեր փոխանակած են ամէնէն բարձր մակարդակով ռուս-թրքական միջ-պետական խորհրդակցութիւններու նոր դրոյթի մը ստեղծման շուրջ։ Յիշենք որ Լաւրով 13-14 յունուարին Հայաստան այցելած էր եւ հանդիպում ունեցած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ ՝՝Անատոլու՝՝ թրքական լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ դիւանագէտներ յայտնած են, որ Տաւութօղլու Լաւրովի հետ Լեռնային Ղարաբաղի, Կիպրոսի, Պոսնիոյ եւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ կարծիքներ փոխանակած է։ Միւս կողմէ ըստ թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթին, շարք մը թուրք վերլուծաբաններ յայտնած են, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Ռուսիա կատարած վերջին այցելութիւնը ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութեան տեսանկիւնէն բաւական յաջող կարելի է նկատել, սակայն այդ առթիւ Փութին Թուրքիոյ յստակ հասկցուց թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք չէ կապակցէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման հարցին,եւ թէ Մոսկուա բացարձակապէս մտադրութիւն չունի ճնշում գործադրել Երեւանի վրայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը շուտափոյթ լուծելու ուղղութեամբ։ Ըստ թուրք վերլուծաբաններուն, առանց Ռուսիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու ճնշումին, հայերը գրեթէ պատճառ չեն ունենար Ղարաբաղի հարցին մէջ փոխզիջումներ կատարելու։

ՎԱՆԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԸ ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԴԷՄ ԿԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԻ։

Թրքական ՝՝Թաքվիմ՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վանի նահանգապետ Միւնիր Քարաօղլու վերջակէտ դրած է Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բացման շուրջ ընթացող խօսակցութիւններուն։ Ան Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայի դէմ արտայայտուած է եւ յայտարարած, որ անոր ըսածը թէ՝ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին պիտի չբացուի, հին խօսքեր են։ ՝՝Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին 12 սեպտեմբեր 2010-ին պիտի բացուի կրօնական արարողութիւններու համար՝՝շեշտած է Վանի նահանգապետը։ Նախարար Կիւնայ յայտարարած էր, որ եկեղեցին կրօնական արարողութիւններու համար պիտի չբացուի, որովհետեւ Սուրբ Խաչ եկեղեցին կրօնական արարողութիւններ կատարելու համար նախատեսուած հաստատութիւններու ցանկին մէջ չկայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.