2010-01-17 13:09:03

ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ։


ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ։

Արդէն իսկ նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են Պոլսոյ հայոց աթոռակից պատրիարքի  ընտրութիւններուն: Պոլսոյ հայոց աթոռակից պատրիարքի պաշտօնին երեք թեկնածուներն են՝ Արամ արք. Աթեշեան, որ  արդէն երկու տարիէ ի վեր կը ղեկավարէ պատրիարքարանի գործունէութիւնը, ապա Գերմանահայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեան եւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպիսկոպոս Չուլջեան:Ի դէպ, Պոլսոյ պատրիարք ընտրուելու համար Թուրքիա ծնած ըլլալը կարեւոր նախապայման է եւ երեք թեկնածուներն ալ հոն ծնած են: Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան  իր առողջական վիճակի պատճառով  արդէն երկու տարի է, որ ի վիճակի չէ եղած կատարել իր պարտականութիւնները եւ պատրիարքական աթոռի օրինական իշխանութիւն համարուող մարմինը՝ Կրօնական Ժողովը, 2009ին որոշած էր դիմում ներկայացնել՝ աթոռակից-պատրիարքի ընտրութեան համար, միաժամանակ Մութաֆեան պատրիարքին տալով ցմահ հոգեւոր պետի որակումը:Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան այս նիւթի առնչութեամբ կ՛ըսէ որ ՝՝աթոռակից պատրիարքի ընտրութեան ժամկէտը դեռ յստակացած չէ: Մինչեւ այն ատեն, որ կառավարութենէն թոյլտուութիւնը չէ ստացուած, ընտրական մարմինը չի կրնար սահմանել ընտրութեան ժամկէտը՝՝:

 Ըստ Գոչունեանի, Կրօնական Ժողովի մէկ այլ դիմումով, համայնքին մէջ ընտրութեանց  կազմակերպման համար ստեղծուած է կեդրոնական ընտրական մարմին մը, ՝՝Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին՝՝ անունով եւ թեկնածուները արդէն աստիճանաբար իրենց նախընտրական աշխատանքներուն սկսած են: Արդէն իսկ Պոլիս կը գտնուի Գերմանահայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեանը, որ Կիրակի օր հանդիսապետած է Պոլոսյ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագին, ապա հիւրասիրուած էր Ֆէրիգիւղի Թաղային խորհուրդին կողմէ։ Իր այցելութեանց ծիրէն ներս, ան երկուշաբթի օր ՝՝Մարմարա՝՝ թերթը այցելած է, ուր կարծիքներ փոխանակած է պատրիարքական ընտրութեան մասին: Անդրադառնալով ընտրական ընթացակարգերուն, Արա Գոչունեան պարզաբանեց, որ պատրիարքական աթոռի հոգեւոր սահմաններու իրաւասութեան շրջանակի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր հայկական եկեղեցի (իբրեւ թանգարան օգտագործուող եկեղեցիները հաշուի չեն առնուիր) մէկ տեղամաս կը համարուի. բոլոր եկեղեցիները կ՛արձանագրեն պատգամաւորներու թիւը՝ ըստ շրջակայքի բնակչութեան թիւին: Ժողովուրդը կ՛ընտրէ պատագամաւորին, իմանալէ ետք, որ այդ պատգամաւորը որ թեկնածուին համակիրն է: Ընտրուած պատգամաւորները պիտի ընտրեն աթոռակից պատրիարքին: Պատգամաւորներուն ընդհանուր թիւը պիտի ըլլայ 99, որոնցմէ տասն հոգեւորական են եւ պիտի ընտրուին եկեղեցական համագումարի միջոցով, իսկ մնացեալ 89ը՝ աշխարհիկ են եւ կ՛ընտրուին ժողովուրդին կողմէ: Ընտրական գործընթացը հիմնուած է Օսմանեան պետութեան կողմէ 1863ին ընդունուած Հայոց ազգային սահմանադրութեամբ նախատեսուած պատրիարքի ընտրութեան ընթացակարգին վրայ: Նշենք, որ Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարք ընտրուած էր 1998ին:

Պոլսոյ Աթոռակից Պատրիարքի Ընտրութիւններուն Առաջադրուած է Երկու Թեկնածուներու Անուն

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի աթոռակից պատրիարքի ընտրութեան համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են երկու հոգեւոր առաջնորդ՝ Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպիսկոպոս Չուլճեան եւ Գերմանիոյ հայերու հոգեւոր առաջնորդ Գարեգին եպիսկոպոս Բեկչեան, որոնք ծնած են Թուրքիոյ մէջ եւ հետեւաբար կը լրացնեն թեկնածութեան համար անհրաժեշտ կարեւորագոյն նախապայմանը։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ հայ համայնքը պաշտօնապէս դիմած էր Պոլսոյ իշխանութիւններուն Հայոց պատրիարքարանի աթոռակիցի ընտրութիւններ իրականացնելու թոյլտուութիւն ստանալու համար, քանի որ Թուրքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ՝ Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան հիւանդ է եւ չի կրնար լիարժէք կատարել իր պարտականութիւնները։

Հուրրիէթ թրքական օրաթերթը Պոլսոյ պատրիարքութեան մասին հրատարակած է յօդուած մը, ուր կը նշուի, որ Մեսրոպ սրբազան խոր լռութեան մատնուած է 2007ին, իր մտերիմ բարեկամ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք։ Ըստ Հուրրիէթի, Տինք Մութաֆեանի թելադրանքով ձեռնարկած էր Ակօս երկլեզու թերթի հրատարակութեան։

Հուրրիէթի թղթթակիցը Մութաֆեան պատրիարքի մասին խօսած է Ակօսի խմբագրութեան երկու անդամներու՝ Էթիէն Մահճուպեանի եւ Սեւան Նշանեանի հետ։ Այս վերջինը, որ ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ պատրիարքին շատ մօտիկ մարդ, թերահաւատութիւն յայտնած է սրբազանի հիւանդութեան վերաբերեալ, զայն նկատելով անբնական ու կասկածելի։

Ինծի համար շատ դժուար է հաւատալ, որ անոր հիւանդութիւնը բնական պայմաններու արդիւնք է, յայտնած է Նշանեան Հուրրիէթին։








All the contents on this site are copyrighted ©.