2010-01-17 13:09:20

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 17 յունուար Եկրորդ կիրակի Յայտնութենէն ետք

5րդ օր յայտնութեան:


Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 17 յունուար Եկրորդ կիրակի Յայտնութենէն ետք

5րդ օր յայտնութեան:

Ընթերցում Ս. Յովհաննէսի Աւերարանէն երրորդ գլուխ, 13-21 համարները։



Ընթերցուած Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանէն

Յիսուս ըսաւ. Երկինք չէ ելած ո՛չ մէկը երբեք, բացի անկէ, որ երկնքէն իջած է, այսինքն Մարդու Որդին, որ երկնքէն է։

Եւ ինչպէս Մովսէս օ՛ձը բարձրացուց անապատի մէջ, նոյնպէ՛ս պէտք է բարձրանայ նաեւ Մարդու Որդին,

որպէսզի յաւիտենական կեանքը ստանան բոլոր անոնք, որ անոր կը հաւատան։

Որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իր Միածին Որդին տուաւ, որ չկորսուին որոնք անոր կը հաւատան, այլ յաւիտենական կեանքը ստանան։

Որովհետեւ Աստուած՝ անոր համար աշխարհ չղրկե՛ց իր Որդին, որ աշխարհը դատէ, այլ որպէսզի իրմո՛վ փրկուի աշխարհ։

Ան որ կը հաւատայ անոր, պիտի չդատապարտուի եւ եթէ մէկը չի հաւատար անոր՝ դատապարտուած է արդէն, քանի որ չհաւատա՛ց Աստուծոյ Միածին Որդւոյն անունին։

Եւ ա՛յս պիտի ըլլայ արդէն դատաստանը որ՝ Լո՛յսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ՝ խաւա՛րը սիրեցին աւելի, քան Լոյսը, որովհետեւ չա՛ր էին իրենց ործերը։

Որովհետեւ Լո՛յսը կատեն բոլոր անոնք, որ չարը կը ործեն եւ (անոր համա՛ր) չեն ար լոյսին, որ իրենց ործե՛րը չյայտնուին։

Մինչ ան, որ ճշմարտութիւնը կը ործադրէ, լոյսին կու այ, որ յայտնի ըլլան իր ործերը, թէ Աստուծմով ործուած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.