2010-01-15 13:03:57

Քահանայական տարի – Քահանայութեան բնոյթը

խորհրդածութիւն


Քահանայական տարի – Քահանայութեան բնոյթը

խորհրդածութիւն





Ինչպէս ոչ մէկ գործ իր մեծութեամբ պիտի չկարենար գերազանցել Յիսուսի մարմնոյն սրբագործումը, այսպէս ոչ մէկ կարգ այնքան բարձր է, քան Քահանայութիւնը:

Ս. Թովմաս Ագուինացի կ’ըսէ. –Ոչ մէկ գործ այնքան մեծ է, քան Յիսուսի մարմնոյն սրբագործումը: Եպիսկոպոսը եւ քահանան հաւասար են սուրբ հաղորդի սրբագործումին մէջ:

Ս. Յովհան Ոսկեբերան քահանայութեան սրբութիւնը կը հիմնէ երկու իրաւասութիւններու վրայ՝ զորս կը բանեցնէ քահանան Յիսուսի բնական եւ խորհրդական մարմիններու վրայ. այսինքն սրբագործման եւ արձակելու իշխանութիւններուն վրայ:

Յիսուս Առաքեալները քահանայ ձեռնադրեց երբ ըսաւ այս խօսքերը. –Ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս համար: Այս բառերով տուաւ անոնց սրբագործելոու իշխանութիւնը:

Երեք օր վերջ փչեց անոնց վրայ ըսելով. –Առէք Հոգին Սուրբ, այդ ժամանակ տուաւ անոնց արձակելու իշխանութիւնը:

Այս երկու իշխանութիւններով իրենց քահանայութիւնը լրիւ եղաւ:

…Ս. Թոմաս կ’ըսէ մեզի որ քահանաները կը Մասնակցին Քրիստոսի Քահանայութեան եւ կերպարն ու պատկերն են Անոր:

Ա.-Ի՞նչ է ուրեմն Քահանայութիւնը մեզի համար մարդացած Որդւոյն Աստուծոյ:

-Այն պաշտօնն է զոր Ինք ստանձնեց փրկելու աշխարհը, Իր անձին նուիրումով, մարդկային կերպարանքին տակ: Իր անձին յաւիտենական նուիրումի գործին մէջ, ինքն է Զոհը եւ Քահանան: Այս է մշտնջենաւոր քահանայութիւնը ըստ կարգին Մելիքսեթեքի, որու կենաքը, ըստ Պօղոս Առաքեալի, ոչ սկիզբ ունի, ոչ վախճան. որու քահանայութիւնը օրինակն է քահանայութեան Որդւոյն Աստուծոյ, որ միակ թագաւորն է խաղաղութեան:

Բ.- Մասնակցութիւն բառով Ս. Թոմաս ըսել կ’ուզէ թէ Քրիստոսի քահանայութիւնը, ըլլալով Միակ, մշտնջենական եւ տիեզերական քահանայութիւն, նոր կտակարանի քահանաները անոր հետ կը միանան եւ կը մասնակցին Անոր քահանայութեան:

Երկու քահանայութիւն չկայ, ինչպէս չկայ երկու զոհ մեղքերու համար: Մէկ զոհ լոկ փրկած է աշխարհը միանգամ ընդմիշտ, եւ կա շարունակէ մատուցուիլ երնքի մէջ եւ երկրիս վրայ: Երկնքի մէջ` Միակ Քահանային ձեռքով, յաւիտենական խորանին առջեւ. եւ աշխարհի վրայ` քահանաներու անթիւ եւ անընդհատ շղթայով, որոնք Իրեն հետ մէկ մարմին կը կազմեն եւ կը մասնակցին այդ զոհին, ոչ թէ որպէս պատկերներ, այլ իրապէս. Ինչպէս որ իրենց մատուցած զոհը ոչ թէ պատկեր մըն է, այլ իսկական զոհը Յիսուսի ճշմարիտ մարմնոյն եւ արեան. Որ իրապէս եւ գոյացապէս ներկայ է սուրբ սեղանին վրայ եւ իրենց ձեռքով կը նուիրուի աստուածային մեծվայելչութեան։

Ասիկա է ահա Որդւոյն Աստուծոյ քահանայութիւնը. –Սրբագործումը եւ նուիրումը իր անձին։

Այս է նաեւ բաժինը որ վիճակուած է իր քահանաներուն մասնակցութեամբ իր գերագոյն պաշտօնին, նմանութեամբ աստուածային օրինակին եւ դրոշմով քահանայական կնիքին իրենց հոգւոյն բոլոր կարողութիւններուն վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.