2010-01-15 13:03:37

Պոլիս Հոգեհանգիստ՝ Հրանդ Տինքի Յիշատակին


Պոլսոյ Ակօս թերթի խմբագրակազմը որոշած է, թերթի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան երրորդ տարելիցը նշել ՜՜Հրանդի ընկերներու հետ միասին՝՝ անոր սպանութեան օրը՝ 19 Յունուարին, սպանութեան վայր՝ խմբագրութեան գրասենեակներուն առջեւ կազմակերպելով յիշատակի հաւաք մը ։

՜՜Հրանդի ընկերները՝՝ տեղեկացնելով՝ այդ մասին լրագրողներուն եւ բոլոր հետաքրքրուողներուն՝ յայտարարած են, որ ոճրագործութեան կազմակերպիչները, որոնց հետքերը կը հասնին մինչեւ պետական ատեաններ, տակաւին ազատութիւն կը վայելեն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.