2010-01-15 13:00:26

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Ուրբաթ 15 Յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

կարտինալ Քրիստոֆ Շոնբորն` առաջնորդը Վիէննայի թեմին,

Գերապայծառ Ժան Բիեռ Գադենոզ` առաջնորդը ֆրանսայի Ավինիոն թեմին,

Գերապայծառ Կերհարտ Միւլլեր` առաջնորդը Գերմանիոյ Ռեկենսուրկ թեմին

Հայր ֆիլիփ Տիւբոն` աբբահայրը ֆրանսայի Սոլեսմէսի Ս. Պետրոս աբբայարանին,

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց հաւատոյ ժողովի լիանիստ ժողովին մասնակցողները։ Անոնց ուղղած ճառին մէջ, Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատոյ ժողովի անդամներուն, որոնք յատուկ կերպով կ'աշխատին Քրիստոսի Եկեղեցւոյ միութեան համար, որուն առաջին սպասաւորն է Ս. Պետրոսի յաջորդը, որուն պաշտօնն է պաշպանել ու պահպանել քրիստոնէական հաւատքը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը գնահատեց հաւատոյ ժողովի տարած աշխատանքը Ս. Պիոս Ժ. եղբայրութեան ու անկլիգան եկեղեցւոյ կարգ մը անդամներու յարումին կաթողիկէ եկեղեցւոյ։

Նոյնպէս Սրբազան հայրը մատնանշեց հաւատոյ ժողովի հրապարակած ''մարդու արժանաւորութիւնը'' վաւերաթուղթը հայող կենսաբարոյական հարցերուն։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Դրամահաւաք Հայիթիի աղէտեալներու համար, որոնք զոհ են կործանարար երկրաշարժին

Ամբողջ աշխարհ ցնցուեցաւ ի լուր Հայիթիի կործանանար ու մահաբեր երկրաշարժին, այս ահաւոր աղէտը հարուածեց Քարաիպեան այս աղքատ երկիրը։
Միացեալ Նահանգները, Եւրոպան եւ այլ երկիրներ սկսած են օժանդակութիւններ պատրաստել։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Չորեքշաբթի օրը հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին կոչ ըրաւ կաթողւկէ եկեղեցւոյ բոլոր բարեսիրական հաստատութիւններուն որպէսզի օգնութեան հասնին Հայիթիի ժողովուրդին հոգեւոր ու նիւթական խնամատարութեան։ Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կաթողիկէ եկեղեցին ներկայ է Հայիթիի մէջ, իր սատարը տալու աղէտեալներուն։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարեսիրական զանազան մարմինները արդէն իսկ գործի մէջ են, շուրջ 300 հոգի, եւ կամաւորներ ուղարկած են օգնութեան հասնելու Հայիթիի բնակիչներու զանազան կարիքներուն, վերահսկողութեամբ՝ Վատիկանի ''Գոր Ունում` Մէկ Սիրտ'' կոչուած բարեսիրական մարմնին։ Վերոյիշեալ բարեսիրական մարմինը իր կարգին կոչ կ'ընէ բարի կամքի տէր մարդոց որ առատաձեռնութեամբ իրենց դրամական կամ դրական օգնութիւնները բերեն որպէսզի Հայիթիի աղէտեալ մեր եղբայրներն ու քոյրերն կարենան դիմագրաւել ներկայ անասելի դժուարութիւնները։

Ծիսական արարողութիւն Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Ս. Անտոն անապատականի տօնին աթիւ։
Ս. Անտոն անապատականի տօնին աթիւ, անասնաբոյծերու իտալական ընկերակցութիւնը կը վերանորոգէ իր բարեպաշտութիւնը՝ հանդէպ, պաշտպան սուրբին՝ Ս. Անտոն անապատականին, կազմակերպելով հանդիսաւոր արարողութիւն եւ պատարագ, շաբաթ օրը, 16 յունուարին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, նախագահութեամբ՝ կարտինալ Անճելօ Գոմասդրիի։ Ծիսակատարութեան կը մասնակցին շուրջ 5.000 անասնաբոյծեր։ Պատարագին աւարտին, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ, օրհնութեան կարգը պիտի կատարուի անասնաբոյծերու ու Իտալիոյ մէջ խնամուած զանազան տեսակի կենդանիներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.