2010-01-15 13:03:25

Լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն


Լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն

Հնդկաստան- Ուխտագնացութիւն Չինսուրայի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ։

Յունուար 10-ին Չինսուրայի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ ուխտի օրն էր։ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը կը տեղեկացնէ որ Կալկաթայի հայ համայնքը՝ մասնակցութեամբ ճեմարանի սաներուն եւ ուսուցիչներուն ուխտի գնաց Կալկաթայէն 65 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող վերոյիշեալ եկեղեցին։

Հնդկաստանի Արեւմտեան Պենկալի նահանգին մէջ գտնուող Չինսուրա (Չիչրա) բնակավայրը, ժամանակին եղած է նշանաւոր առեւտրային կեդրոն մը։ 1695ին կառուցուած Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին կը համարուի Պենկալի երկրորդ հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցին, իսկ Հնդկաստանի հայ գաղութի կանգուն եկեղեցիներու շարքին՝ առաջինը։ Եկեղեցւոյ տարածքէն ներս գտնուող հնագոյն գերեզմանատան մէջ պահպանուած է հայատառ 180 գերեզմանաքար։ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պահուող Սուրբ Յովհաննէս Մկրտչի մասունքը տարին մէկ անգամ դուրս կը բերուի՝ Սուրբին ուխտի օրը։



Հայկական խաչքար՝ Թէոդոսիայի մէջ

Թեոդոսիայի Միքայէլ եւ Գաբրիէլ հրեշտակապետներու եկեղեցւոյ մօտ ծրագրուած է տեղադրել հայկական խաչքար մը, ի նշան Հայաստանի Արմավիր քաղաքի հետ բարեկամութեան։

Հայ բեմադրիչ եւ ժապաւէններու պատմութիւններու հեղինակը՝ Ռաֆայէլ Շահինեան, որ եղած է Թեոդոսիայի եւ Արմավիրի եղբայրութեան պայմանագրի կնքման նախաձեռնողը, պատմած է, որ խաչքարը պատրաստուած պիտի ըլլայ մարմարէ եւ բարձրութիւնը պիտի հասնի 2 մեթրի ։ Խաչքարին վրայ քանդակուած պիտի ըլլան մարդկային երեք կերպարանքներ՝ երկու մեծահասակներու եւ մէկ երեխայի։

Խաչքարի պատուանդանին վրայ գրուած պիտի ըլլայ Թեոդոսիա - Արմավիր. եղբայր քաղաքներ գրութիւնը։ Կը ծրագրուի նաեւ հիմնել պուրակ մը, որը շրջապատած պիտի ըլլայ խաչքարը, իսկ ապագային կը նախատեսուի եկեղեցւոյ բակէն ներս հայ ժողովուրդի ականաւոր ներկայացուցիչներու դիմանկարներու պատկերասրահի բացումը կատարել։

Ս. Միքայէլ եւ Գաբրիէլ հրեշտակապետներու եկեղեցին Թեդոսոիայի մէջ եղած է հայերու մշակութային իսկական կեդրոնը։ ՜՜Մինչեւ օրս տաճարի տարածքում պահպանուած են հին խաչքարերը։ Այն կառուցուել է 14-րդ դարում եւ ամենանշանաւորն է քաղաքի հայկական ճարտարապետական յուշարձաններուն մեջ՝՝ նկատել տուած է Շահինեան։



Համայն Ռուսիոյ պատրիարքարանը եւս Ղարաբաղը հայկական տարածք անուանած է

Ադըրբէջանական ՜՜Վէսթի.ազ՝՝ կայքէջը տագնապով տեղեկացուցած է հանրութեան այս լուրը՜՜ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարքարանի եկեղեցական կապերու բաժնի պետը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է որ Մարտ ամսոյն կը նախատեսուի Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքին այցելութիւնը Հայաստան, ուր կան երեք ռուսական եկեղեցիներ անոնցմէ մէկը կը գտնուի Երեւանի մէջ, միւսը Գիւմրի իսկ երրորդը՝ Ղարաբաղի մէջ՝՝ ։ Ի հարկէ այս յայտարարութիւնը Պաքուի մէջ մեծ դժգոհութիւններու ճամբայ բացած է, ազերիները անգամ մը եւս յիշեցուցած են ՜՜ Ադըրբէջանական հողերու՝՝ շուտափոյթ վերադարձման մասին։ Հայկական լրատուամիջոցներ դիտել կու տան թէ հետաքրքրական է որ այլեւս ո՞վ պէտք է Ղարաբաղը հայկական հողատարածք անուանէ, որպէսզի Պաքու վերջապէս ճանչնայ բուն հայկական տարածքները։







 








All the contents on this site are copyrighted ©.