2010-01-15 12:41:01

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



՝՝ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱՇՏԵՑՄԱՆ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐԸ ԻՐԱՐՈՒ ԿԱՊԵԼԸ ՍԽԱԼ Է ԵՒ ՈՉ ՃԻՇԴ՝՝ ԿԸՍԷ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ։
Հայ-թրքական հաշտեցման եւ ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացները շաղկապելը պարզապէս ճիշդ չէ, ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Երեւան տուած իր այցելութեան աւարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Այդ երկու գործընթացները կապուած չեն իրարու։ Ճիշդ է, որ Ռուսիա համաձայն է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման, սակայն այս ծիրին մէջ արհեստական պահանջներ ներկայացնելը սխալ է(ըսած է ան)։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է, որ Ռուսիա Թուրքիոյ հետ ուժանիւթի առնչուող շահերը գերակայ նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքէն, որ արեամբ ձեռք բերուած է, Սերկէյ Լաւրով յայտնած ՝՝Կը պատասխանեմ կարճ՝ ո՛չ, կարելի չէ՝՝։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց, որ Հայաստան տրուած իր այցելութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն ունի Թուրքիոյ վարչապետին Մոսկուա այցելութեան հետ Էրտողանի այցելութեան մասին համաձայնութիւն գոյացած է քանի մը օր առաջ, իսկ ինք Հայաստան գալու որոշում տուած է շուրջ ամիս մը առաջ։
Ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան տագնապի վերջնական լուծումին ըստ Ս. Լաւրովի, վերջնական փաստաթուղթի մշակման հանգրուանին անպայման պէտք է նկատի ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կարծիքը։ Այսուամենայնիւ, ան դիտել տուաւ, որ Ռուսիա չէ դիմած եւ պիտի չդիմէ այնպիսի քայլերու, որոնք կը հակասեն տագնապի կողմերուն շահերուն։ Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով ի գործ դրած ջանքերուն համար։ Ս. Լաւրով Հայաստանի նախագահին փոխանցեց Ռուսիոյ նախագահին ողջոյնները եւ յոյս յայտնեց, որ երկկողմանի արդէն իսկ աշխուժ ու ամուր յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդուին ու զարգանան։

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՍԿՈՎՏԻԱՑԻ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԼԱՆՏԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ։
Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ Սկովտիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ ՝՝Նոր Սերունդ՝՝ մշակութային ընկերակցութեան զօրակցութիւնը վայելող Սկովտիոյ Հայկական միասնականութիւն կազմակերպութեան ջանքերով Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաունի վրայ բարոյական ճնշումը կաճի։ Սկովտիոյ 59 երեսփոխաններէն 37-ն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 13-ը՝ դէմ արտայայտուած, իսկ մնացեալ ութին արտօնուած չէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող յայտարարութեան տակ ստորագրել, որովհետեւ անոնք Աշխատաւորական Կուսակցութեան անդամ են։ Հիւսիսային Իրլանտայի 18 խորհրդարանականներէն (խորքին մէջ 12, որովհետեւ կաթողիկէ Շին Ֆէյն կուսակցութեան 6 երեսփոխանները խորհրդարանը պոյքոթի կենթարկեն) 11-ը ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ըսենք որ 2006-ին եւ 2007-ին Կալլէսի շարք մը խորհրդարանականներ եւս ճանչցած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

ՀԱՅԻԹԻԻ ԿՈՐԾԱՆԱՐԱՐ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ՝ՏԱՍՆԵԱԿ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԶՈՀԵՐ ։
Հայիթիի նախագահ Ռընէ Փրեւալ միջազգային հեռուստակայանի տուած իր զրոյցի մէջ ըսած է, որ կան նախնական տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, զոհերու թիւը կրնայ հասնիլ նոյնիսկ հարիւր հազարի։ ՝՝Ես ո՛չ իմ տունս, ո՛չ ալ նախագահական նստավայրին մէջ կրնամ ապրիլ երկուքն ալ քանդուած են՝՝ յայտարարած է Հայիթիի Նախագահը։ Մինչ այդ կործանարար երկրաշարժէն երեք օր յետոյ քաոսը կը շարունակուի Հայիթիի մէջ,նախնական վերջին տուեալներու համաձայն մայրաքաղաք Փորթ օ Փրենսի մէջ մեռեալներու թիւը 40-էն 50հազարի միջեւ կը նկատուի։Երկրաշարժէն տուժող վայրերու բնակիչներու թիւը 3,5 միլիոն ըլլալով կը գնահատուի,որու 2,8 միլիոնը մայրաքաղաքին մէջ։

13.000 ԴԻՄՈՒՄՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ։
Մարդու իրաւունքներու հարցերով ներկայացուած բողոքներու հաշուարկումով՝ Թուրքիան երկրորդն է Եւրոպական տարածաշրջանէն ներս։ Այս տեղեկութիւնները կը փոխանցէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը, յայտնելով թէ Ռուսաստանէն ետք, Թուրքիան է որ կը գրաւէ տխուր ցանկի երկրորդ տեղը, իր դէմ ներկայացուած 13.000 դիմումներով։  







All the contents on this site are copyrighted ©.