2010-01-14 13:01:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ



Սրբազան Հայրը ընդունեց Հռոմի մարզի քաղաքապետը եւ նահանգապետը

Հինգշաբթի, 14 Յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նախ ընդունեց

Հռոմի քաղաքապետը՝ տիար Ճիաննի Ալեմաննօ

Հռոմի գաւառապետը՝ տիար Նոքոլա Ծինկարեթթի

եւ Հռոմի նահանգի փոխ նախագահը՝ տիար Էսդերինօ Մոնթինօ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Լացիոյի քաղաքապետարանի, մարզպետարանի եւ գաւառի կառավարիչները, որոնք եկած էին Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի բարեմաղթութիւնները յայտնելու Սրբազան Հօր։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ Նորին սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜Ձեր ներկայութիւնը, բարեպատեհ առիթ մըն է, խորհրդածելու՝ մեր հողամասին մասին, ուր 2000 տարիէ ներկայ է Ս. Պետրոսի յաջորդը, որպէս Հռոմի եպիսկոպոս։ Շնորհակալ եմ ձեր այս այցելութեան ու բարեմաղթութիւններուն համար։ Իմ աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած լաւագոյնս կատարելու՝ ձեզի յանձնուած պատասխանատուութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ կ'աղօթեմ այս մարզի բոլոր բնակիչներուն համար։ Թող Տէրը օգնական ըլլայ ձեզի եւ սրտանց կ'օրհնեմ ամէնքդ՝՝։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ`

Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի թղթածրարին մամլոյ ներկայացումը։



Յառաջիկայ երեքշաբթի օրը՝ 19 Յունուար 2010-ին,Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի կ'ունենայ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի թղթածրարին մամլոյ ներկայացումը։ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի բնաբանն է. ''Կաթողիկէ Եկեղեցին միջին արեւելքին մէջ, հաղորդութիւն եւ վկայութիւն, իսկ շատերը , որոնք առաքեալներուն խօսքերը լսած էին, հաւատացին եւ սմէնքը մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի էին''։

Մամլոյ ներկայացումը կը կատարեն գերապայածառ Էդերովիչ` քարուղարը եպիսկոպոսական սիւնոդոսին եւ գերապայծառ ֆորդունադօ ֆրեցա` ենթաքարտուղարը եպիսկոպոսական սիւնոդոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.