2010-01-14 13:01:27

Կրօնաբարոյական հարցեր - Մեծ Յեղափոխութիւնը


Կրօնաբարոյական հարցեր - Մեծ Յեղափոխութիւնը



Յիսուսի աստուածային բնութենէն բացի, զինք բոլոր միւս կրօններու ուսուցիչներէն տարբերողը, նաեւ իր մտածողութեան, իր ուսուցած վարդապետութեան բերած մեծ յեղափոխութիւնն էր:

Դարերու ընթացքին կաղապարուած ու ձեւաւորուած, արմատացած ու քարացած մտածելակերպերու փոփոխութիւնը դիւրին պիտի չըլլար բնականաբար, եւ մարդոց ընդվզումին, ու մինչեւ իսկ ընդդիմութեան պիտի հանդիպէր:

Իսկ Յիսուսի կատարածը սովորական փոփոխութիւն չէր, այլ յեղաշրջում, մեծ յեղափոխութիւն: Այդ յեղափոխութիւնը, մանաւանդ կը կատարուէր եբրայեցի ժողովուրդին նման կրօնամոլ ու պահպանողական ազգի մը մէջ, որուն համար Օրէնքը, իր տառացի գործադրութեամբ, ամէն բանէ վեր կը մնար:

Յիսուս տեսնելով իր աշակերտներուն տագնապը, ու իմանալով անոնց մտահոգութիւնը, թէ՝ ո՞վ պիտի ըլլայ մեծը իրենց մէջէն, մեծ յեղափոխութեամբ մը կը քանդէ արմատացած մտածողութիւն մը, որ մեծութեան մասին սովորաբար ընկալուած գաղափար մըն է: Մեծը միշտ առաջինն է, մեծը միշտ նախապատիւն է, մեծը միշտ աւելի՛ յարգուածն է, մեծը միշտ ծառայութիւն ընդունողն է, մեծը միշտ լաւագոյնն է, մեծը միշտ աւելի՛ կարեւորն է, եւ կարելի է մեծին վայելած առաւելութիւններուն մասին այս շարքը երկարել:

Յիսուս ինք արդէն շարք մը կը յիշէ նման առաւելութիւններու, որոնք մեծերը կը վայելէին իր ապրած օրերուն: Անիկա երկու դիպուկ օրինակներ կու տայ այս առնչութեամբ: Առաջինը թագաւորներու մասին, ըսելով որ անոնք ազգերու կը տիրեն, եւ իրենց հպատակներուն կողմէ բարերար կը կոչուին: Եւ երկրորդ՝ սեղան բազմողներու մասին, յարաբերաբար իրենց սպասաւորներուն: Բոլորդ ալ գիտէք, կ՛ըսէ, որ սեղան բազմողը աւելի մեծ կը նկատուի, քան իր սպասաւորը: Այս երկու օրինակներուն համար ալ սակայն, յեղափոխական եզրակացութիւններ կու տայ, որոնք, ինչպէս այսօր, այդ օրերուն ալ տարօրինակ թուեցան վստահաբար իր աշակերտներուն: Առաջինին համար կ՛ըսէ, թէ ձեր պարագային այդպէս պիտի չըլլայ, այլ՝ ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամէնէն մեծը թող ամէնէն փոքրիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս: Իսկ երկրորդին պարագային, ուղղակի իր անձին օրինակը կու տայ, ըսելով, նայեցէ՛ք ինծի, ես ձեր մէջ սպասաւորի պէս եմ: Բայց, կ՛աւելցնէ, որ իբրեւ վարձատրութիւն իրենց խոնարհութեան, կը խոստանայ Իր թագաւորութեան մէջ սեղան բազմեցնել իր կողքին, ու տասներկու ցեղերը դատելու տասներկու աթոռներուն վրայ նստեցնել զիրենք:

Այսօր մեր կեանքին մէջ ալ արմատացած ու քարացած, կաղապարուած ու ձեւաւորուած բազմաթիւ գաղափարներ, ու ընկերային սովորութիւններ գոյութիւն ունին, որոնց նկատմամբ այնքան սկզբունքային կ՛ըլլանք յաճախ: Չենք ուզեր անոնցմէ որեւէ մէկուն դպչիլ, կարծէք անոնք ըլլային անփոփոխելի կամ անխախտելի:

Սակայն, մեծ յեղափոխութիւնը Քրիստոս Ի՛նք կատարեց, յեղաշրջելով ընդունուած կարգերը: Մեծը փոքրիկին պէս թող ըլլայ ըսաւ, ու տէրը ծառային պէս: Որովհետեւ ան որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ եւ ան որ իր անձը բարձրացնէ պիտի խոնարհի: Ճիշդ Քրիստոսի ուսուցման հետեւելով, եկեղեցին հակառակ նուիրապետական կառոյց ունենալուն, իր բարձրագոյն կարգերը կը նկատէ աւելի մեծ ծառայութիւն մատուցող կարգեր, ու նոյնիսկ անոր բարձրագոյն կարգը կը կոչէ Առաջին Սպասաւորութիւն:

Այսպէս պէտք է ըլլայ նաեւ քրիստոնէութեան ընկերային կեանքը: Հակառակ անոր որ դասակարգեր գոյութիւն ունին, զանազան խաւեր կան ընկերային կեանքի մէջ, սակայն Աստուծոյ աչքին մարդիկ իրարմէ տարբեր չեն, որովհետեւ Աստուած մարդոց միջեւ խտրութիւն չի՛ դներ (Հռ 2.11): Աստուծոյ աչքին բոլոր մարդիկ հաւասար ստեղծուած էակներ են, ըլլան անոնք մեծ թէ փոքր, հարուստ թէ աղքատ, գեղեցիկ թէ տգեղ, առողջ թէ հիւանդ, ֆիզիքապէս կատարեալ թէ խեղանդամ, արու թէ էգ: Այս է քրիստոնէութեան ճշմարիտ վարդապետութիւնը մարդոց իրարու հետ ունեցած հաւասարութեան մասին: Այս ճշմարտութիւնը ուսուցանեց Քրիստոս իր վարդապետութեամբ, ամբողջութեամբ անարդար ընկերային պայմաններու մէջ, ուր հարուստն ու աղքատը այնքան կը զատորոշուէին իրարմէ (Մր 10.22-23), ուր փարիսեցին այնքան աւելի նախապատիւ էր քան մաքսաւոր մը (Ղկ 18.11), ուր արուն այնքան աւելի կատարեալ արարած մըն էր քան կինը, որ բազմութեան մէջ թիւ անգամ չէր ներկայացներ (Մտ 14.21):

Ընկերային հաւասարութեան ախոյեանն է Քրիստոս պատմութեան ընթացքին, իր կատարած մեծ յեղափոխութեամբ, որուն նմանը չէր եղած անցեալին, ու պիտի չըլլայ ապագային, որովհետեւ Ի՛նք է արդարութիւն հաստատողը ու միանգամայն անթերի կերպով զայն գործադրողը:








All the contents on this site are copyrighted ©.