2010-01-14 12:47:04

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԱՀԱՒՈՐ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԸ ՄԵԾ ԱՒԵՐՆԵՐ ԳՈՐԾԱԾ ՓՈՐԹ Օ ՓՐԵՆՍԻ ՄԷՋ։
Հազարաւորներու կը հասնի Հայիթիի ահաւոր երկրաշարժի հետեւանք զոհուածներու թիւը ,մայրաքաղաքը ուրուական քաղաքի մը վերածուած է առանց ելեկտրականութեան, իսկ հարիւրաւոր մարդիկ փլատակներուն տակ կը գտնուին։ Ռիխթերի աստիճանաչափով 7 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժին պատճառած վնասներուն տարողութիւնը անասելի է եւ զոհերու թիւի նախատեսութիւն մը կատարելը անկարելի կը թուի,եթէ նոյնիսկ աւելի քան հարիւրհազարի մասին կը խօսուի։ Ազգային Պալատը, ՄԱԿ-ի առաքելութեան շէնքը եւ բազմահազար հիւղակներ քանդուած են ։ Փուլ եկած շէնքերէն բարձրացած փոշին ժամերով պատած է մայրաքաղաք Փորթ Օ Փրենսը։ ՄիացեալՆահանգներ,Աւստրալիա,ֆրանսա,Իտալիա,Սպանիա եւ այլ երկիրներու օժանդակութեան օդանաւերը արդէն հասած են աղէտի վայր որու բարեբախտաբար օդակայանը փուլ չէ եկած ։ Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական հսկողութեան կեդրոնը յայտարարեց, որ այս երկրաշարժը 1770-էն ի վեր Հայիթին հարուածած երկրաշարժներուն ամէնէն ուժգինն է։ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը Հայիթի գտնուող աւելի քան 191 իտալացիներէն ուղղակի կամ անուղղակի կերպով շուրջ 80ին հետ հաղորդակցութեան մէջ մտած է ։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ։
Երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն՝ Սէյրան Օհանեանի եւ Անաթոլի Սերտիւքովի աշխատանքային հանդիպումը։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու զինուորական եւ զինուորական-թեքնիք համագործակցութեան, շրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ռազմա-ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հայ զինուորներու ուսուցման առնչուող հարցեր։
Փութին Նպատակայարմար Չի Գտներ Ղարաբաղի Հարցը Կապել՝ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ Յարաբերութիւններուն ։
Երէկ, Մոսկուայի մէջ, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի հետ  հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ նպատակայարմար չի գտներ մէկ փաթեթով ներկայացնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը եւ հայ-թրքական յարբերութիւններու կարգաւորումը: Նկատի առնելով, որ ղարաբաղեան եւ հայ-թրքական խնդիրները իւրաքանչիւրը առանձինն շատ բարդ է ՝՝ճիշդ չեմ գտներ անոնց շաղկապումը միեւնոյն փաթեթի մէջ, իսկ եթէ մենք երկուքը մէկ խումբի մէջ հաւաքենք, ապա լուծման հեռանկարը ինքնաբերաբար աւելի կը հեռացնենք»,  յայտնած է Փութին, աւելցնելով, որ Ռուսիան պատրաստ է ամէն կերպով աջակցելու երկու խնդիրներու լուծման:
՝՝Արաքսի Ափերուն Վրայ՝՝ Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Պոլսոյ մէջ։
ՊՈԼԻՍ(Մարմարա) ։ԱՄՆի՝ Անգարայի ու Երեւանի դեսպանատուներու հովանաւորութեամբ եւ թուրք-հայ գործարարներու զարգացման խորհուրդի նախաձեռնութեամբ ցուցադրուած է ՝՝Արաքսի ափերուն վրայ՝՝ վաւերագրական ժապաւէնը, որուն բեմադրիչներն են Գէորգ Նազարեան ու Սէրտար Տինլէր։ Շարժապատկերի բոլոր մարզերէն ներս գործակցած են թուրք եւ հայ անուններ։ Գլխաւոր դերակատարներն են Թամար անունով հայուհիի մը դերին մէջ Սապինա Մուրատեան եւ Արաս անունով թուրք երիտասարդի դերին մէջ Պուլութ Էօնկիւնէր։







All the contents on this site are copyrighted ©.