2010-01-13 14:17:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի 13 Յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ՜՜Միջին դարու մուրացկաններու կրօնաւորական կարգը՝՝ նիւթին վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Պատմութիւնը կը հաստատէ թէ սուրբերը եկեղեցւոյ ճշմարիտ բարենորոգիչներն են, եւ բնաւ եկեղեցւոյ հակառակ չեն աշխատած։ Այսպէս եղաւ 13րդ դարուն ''մուրացկան կրօնաւորական միաբանութիւններու՝՝ յայտնութիւնը։ Անոնք այդպէս կը կոչուէին որովհետեւ այդ կրօնաւորները աղքատութեան ուխտը լիովին ապրելու համար, բնակիչներէն խոնարհաբար տնտեսական օգնութիւն կը հայցէին։ Անոնց հիմնադիրները, սուրբ ֆրանչիսքոս եւ Տոմենիք, կարողացան լաւագոյն կերպով թարգմանը հանդիսանալ ''ժամանակներու նշաններուն''

Անոնց ապրելակերպը պատճառ դարձաւ վերջ տալու շատ մը շարժումներուն, որոնք հակառակ են կաթողիկէ վարդապետութեան։ Մուրացկան միաբանութիւններու վկայութիւնը օրինակելի էր։ Անոնցմէ շատերը հոգեւոր կեանքի մեծ ուսուցիչներ եղան եւ իրենց քարոզութեամբ կրցան օգնել հաւատացեալներուն որպէսզի խորացնեն իրենց աղօթքի կեանքը ու ամրապնդեն հաւատքը։ Այսպէս ծնունդ առին ֆրանչիսքեան եւ Տոմենիքեան միաբանութիւններու կոչուած ''երրորդ կարգերը'' նպաստելով աշխարհականներու սրբութեան ծաղկումին։ Նոյնպէս Մուրացկան միաբանութիւններու շատ մը անդամները եղան մեծ մտաւորականներ եւ անոնց ճարագայթումը տարածուեցաւ մինչեւ համալսարանները։ Մտքի եղբայրսիրութեամբ անոնք մեծ դեր ունեցան դասական աստուածաբանութեան զարգացման ու մեծապէս նպաստեցին արեւմտեան մտածողութեան յառաջացման։ Իրենց հոգեւոր բարեկարգումով, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, Մուրացկան միաբանութիւնները աշխարհի ու Եկեղեցւոյ նոր արշալոյս մը բացին։

Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ անոնցմէ խնդրեց որ Աստուծոյ աղօթեն որպսէզի իր Եկեղեցւոյ շնորհէ սուրբեր կարող՝ ժամանակակից մարդոց ցոյց տալու՝ Աստուծոյ մեծ Սէրը ու հրապուրեն զանոնք ճանչնալու ու հետեւելու Քրիստոսին։ Թող Ամենաբարին Աստուած ամէնքդ օրհնէ։
Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն եւ անոնցմէ խնդրեց որ աղօթեն Աստուծոյ որպսէզի մեր բոլորին սրտերուն մէջ հաստատէ պարզութիւնը լաւապէս ճանչնալու զԱստուած։

Ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը հայրական կոչ մը ուղղեց Հայիթիի բնակչութեան ողբերգական կացութեան համար։ Անոնք զոհ են աւերիչ երկրաշարժին, որուն հետեւանքով մեծ թիւով անձեր մեռան, ուրիշներ` անօճախ մնացին կորսնցնելով իրենց ինչքերը։ Կը հրաւիրեմ ամէնքդ որ միանաք իմ աղօթքիս բոլոր զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։ Թող ամենաբարի Տէրը մխիթարէ ու ամոքէ աղէտեալներու սրտերը։ Միաժամանակ կոչ կ'ուղղեմ բոլորին առատաձեռնութեան, որպէսզի աղէտեալ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն չպակսին մեր զօրակցութիւնն ու միջազգային հասարակութեան նպաստը։ Կաթողիկէ Եկեղեցի ն իր կարգին իր կարելին պիտի ընէ օգնութեան հասնելու համար անոնց, իր բարեսիրական մարմիններու միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.