2010-01-13 14:18:44

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայաստանի մէջ արձանագրուած դեղերու տեղական արտադրութեան ծաւալը տարուէ տարի կը բարձրանայ

Հայաստանի մէջ դեղերու տեղական արտադրութեան ծաւալը կը գնահատուի մօտաւորապէս 8 միլիոն տոլար, որմէ կարտահանուի աւելի քան 3 միլիոն տոլարի դեղագործական արտադրանք։ Ներածման տարեկան ծաւալները շատ աւելի մեծ են՝ մօտաւորապէս 100 միլիոն տոլարի չափով։

Հայաստանի դեղ արտադրողներու եւ ներածողներու միութենէն յայտնած են, որ ներկայիս Հայաստանի դեղագործական ոլորտին մէջ արձանագրուած է 178 ներածող, 20 մեծաքանակի եւ 800 փոքրաքանակի կազմակերպութիւն եւ 4 մեծ փոքրաքանակի առեւտուրի ցանց։ Այս օրերուն ներածման լայն ցանցին զուգահեռ, Հայաստանի մէջ դեղ արտադրողներուն թիւը 17 է։ Այսուհանդերձ, Հայաստանի մէջ արձանագրուած դեղերու տեղական արտադրութեան ծաւալը տարուէ տարի կը բարձրանայ։ Եթէ 2003-ին հայաստանեան արտադրութեան դեղերուն թիւը եղած է ընդամէնը 7-ը, 2008-ին այդ թիւը արդէն հասած է՝ 83-ի։ Տեղական դեղերու արտադրութեան մօտաւորապէս 40 առ հարիւրը կարտածեն Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան գրեթէ բոլոր երկիրները։ Հայաստանի դեղերուն արտածման հիմնական շուկաներն են՝ Ռուսիան, ուր 2008-ին արտածուած եւ արտադրուածին 36 առ հարիւրը, Վրաստանը՝ 27 առ հարիւրը, Թուրքմենիստանը՝ 9 առ հարիւրը, Պիելոռուսիան՝ 6 առ հարիւրը, ինչպէս նաեւ՝ Ուզպեքիստանը, Ուքրանիան եւ Ճափոնը։ Նախորդ տարուան տուեալներով, Հայաստանի ներքին շուկային մէջ իր արտադրանքի սպառման ամէնէն մեծ ծաւալները ապահոված է Էսկուլապ ընկերութիւնը, որուն արտադրութեան ընդհանուր ծաւալներէն արտածուած է 14 առ հարիւրը։ Արտածման ամէնէն մեծ ծաւալները մօտաւորապէս 60 առ հարիւրը ունի Երքդֆ ընկերութիւնը, ապա Վիտամաքսը՝ 59 առ հարիւրը։

Նշենք, որ Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 2 դեղագործական միութիւն՝ Հայաստանի դեղ արտադրողներու եւ ներմուծողներու միութիւնը եւ Հայաստանի դեղագործներու միութիւնը։



Ոսկէ գրիչ մրցանակ Ռոպէր Հատտէճեանին եւ Յակոբ Աւետիքեանին։

Այս տարի Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը իր Ոսկէ գրիչ մրցանակները շնորհեց Պոլսոյ Մարմարա օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, գրող, հրապարակախօս Ռոպէր Հատտէճեանին եւ Ազգ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանին։ Մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 22 դեկտեմբերին Հայաստանի Լրագրողներու միութեան տան մէջ։ Ոսկէ գրիչ մրցանակը կը յանձնուի երեք տարին անգամ մը՝ 1969-էն սկսեալ, գլխաւորաբար՝ հրապարակախօսական գործունէութեան համար։ Ոսկէ գրիչն արդէն ունի 32 դափնեկիրներ։

Այս տարուան մրցանակաբաշխութեան դատակազմի նախագահն էր Ոսկէ գրիչի նախորդ մրցումի դափնեկիր Դաւիթ Մուրատեան, որ նշեց, այս տարի առաջին անգամ ըլլալով դատակազմի տեսադաշտին վրայ եղած է ո՛չ միայն հայաստանեան մամուլը, այլ ընդհանրապէս՝ հայկական մամուլ հասկացողութիւնը։ Ոսկէ գրիչը կը նկատուի ակադեմական մրցանակ։

Յակոբ Աւետիքեան իր մրցանակը ստանալէ ետք, մեծ գովեստներով արտայայտուեցաւ միւս մրցանակակիրին՝ վաստակաշատ եւ բազմաբեղուն Ռոպէր Հատտէճեանի մասին եւ շնորհաւորեց զինք ապա իր մասին խօսելով (կէս-կատակ) ըսաւ .՜՜Այս մրցանակը ինծի կը տրուի հաւանաբար, որպէսզի աւելի յաճախ յօդուածներ ստորագրեմ եւ կարենամ արդարացնել դատակազմին որոշումը։










All the contents on this site are copyrighted ©.