2010-01-13 14:18:30

Արամ Ա Կաթողիկոսի այցը Յունաստան


Արամ Ա Կաթողիկոս պիտի այցելէ Յունաստան

Ընդառաջելով Յունաց արքեպիսկոպոս Տ Իէրոնիմոս Սրբազանի յատուկ հրաւէրին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսը, Ուրբաթ 15 Յունուար 2010 պիտի այցելէ Յունաստան-Աթէնք որուն ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ՝ Գարոլոս Փաբուլիասին հետ եւ Յունաց արքեպիսկոպոս Տ Իէրոնիմոս Սրբազանին հետ։

Իսկ Շաբաթ 16 Յունուարի երեկոյեան Գոքինիոյ Ս Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Կիրակնամուտի ժամերգութիւն, ուր Վեհափառ հայրապետը իր հայրական պատգամը պիտի փոխանցէ հաւատացեալ ժողովուրդին որուն պիտի յաջորդէ Աջահամբոյր՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.