2010-01-13 13:10:30

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅԻԹԻԻ ՄԷՋ ՍԱՍՏԻԿ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԸ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԶՈՀԵՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ։
Սաստիկ երկրաշարժ մը Ռիխթերի աստիճանաչափով 7 աստիճան ուժգնութեամբ, քար ու քանդ ըրած է ամերիկեան ցամաքամասի այս յետին աղքատ երկիրը Հայիթին ուր տեղի ունեցած են ինը ցնցումներ որոնցմէ մին եօթը աստիճան ուժգնութեամբ ։ Երկրի մայրաքաղաքը Բորդ Օ Բրենսի մեծ մասը քանդուած է։ Պետական շէնքեր եւ հիւանդանոցներ հիմնայատակ կործանած են,մեծ վնաս կրած Աթոռանիստ Եկեղեցին։ Ըստ նախնական տուեալներուն բարձր է մեռեալներու թիւը եւ բարձր է նաեւ թիւը անձերուն որոնք փլատակներու տակ մնացած են։ Ըստ Իտալական Արտաքին Գործոց Նախարարութեան երկրաշարժի պահուն Հայիթի կը գտնուէին 190 իտալացիներ,անոնց մասին նախարարութիւնը կ՝աշխատի տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու համար ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանը երէկ յայտարարեց Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն սահմանադրականութիւնը։ Դատարանի եզրակացութիւնը սակայն, ներառած է յստակ վերապահումներ, երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին արձանագրութիւններու հիման վրայ պայմանագիրներու կնքումի եւ այդ շրջագիծին մէջ քաղաքականութեան կիրարկման սահմանադրական սահմանափակումներ, որոնք կ՝ընդգծեն այս արձանագրութիւններուն մէջ թրքական մեկնաբանութեան վտանգները։ Սահմանադրական Դատարանը նախ յստակօրէն կը հաստատէ, որ ղարաբաղեան թղթածրարը կամ աւելի ճիշդը այս պարագային հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւնները որեւէ ձեւով չեն կրնար առնչուիլ այս արձանագրութիւններուն։ Անոնք ունին բացառապէս երկկողմանի միջ-պետական բնոյթ։ Երրորդ կողմի ակնարկութիւնը ուղղակի Ազրպէյճանին կը վերաբերի պարզագոյն տրամաբանութեամբ։ Ապա երկրորդ կէտով ըսուածը այն է, որ այս արձանագրութիւններուն գործնական երկու բաժինները դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումն ու Հայաստանի ապաշրջափակումն են։ Առանց այս երկուքի իրականացման, արձանագրութիւններով նշուած մնացեալ պարտաւորութիւնները պարզապէս գործադրելի չեն կրնար ըլլալ։ Այս կը վերահաստատէ արդէն առանց նախապայմաններու միջ-պետական յարաբերութիւններու ձեռնարկման հայկական կողմի մօտեցումը։ Հուսկ՝ եթէ նախաբանի հիմնադրոյթները կրնան տարաբնոյթ մեկնաբանութեան տեղի տալ, ապա Անկախութեան Հռչակագիրի 11-րդ կէտը, հետեւեալն է՝՝Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Գործին՝՝։

ԼԱՒՐՈՎ ԱՅՍՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով այսօր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի ընդունի Սերկէյ Լաւրովը։Այցելութեան ծիրին մէջ երկու պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները պիտի բանակցին, ապա միացեալ մամլոյ ասուլիս մը պիտի տան։ Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ աշխուժօրէն զարգացող դաշնակցային փոխադարձ յարաբերութիւնները, Հարաւային Կովկասի շրջանին խնդիրները, ղարաբաղեան տագնապի լուծման ործընթացը, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքական, զինուորական, առեւտրական-տնտեսական եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ, Հայաստանի մարզերուն եւ Ռուսիոյ տարբեր շրջաններուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող բազմաթիւ հարցեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.