2010-01-12 14:16:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Նորին Սրբութեան ցաւակցական հեռագիրը ի լուր կարտինալ Ռազաֆինտադանտրայի մահուան։

Ի լուր անոր մահուան, Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Մատակասքարի Անդանարիվօ թեմի առաջնորդ գերապայծառ Օտոնի, որով կը յայտնէ իր խոր վիշտը հանգուցեալ կարտինալի ընտանեկան պարագաներուն ու թեմի հաւատացեալներուն։ Ցաւակցական հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը կ'ընդգծէ թէ հանգուցեալ կարտինալը եղաւ իր թեմի մեծ ու եռանդուն հովիւը։ Ան աշխատեցաւ որպէսզի ՜՜Քրիստոս բոլորէն ճանչցուի ու սիրուի՝՝։ Նորին Սրբութիւնը կը հայցէ Ափրիկէի Տիրամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի Աստուած սիրոյ ու խաղաղութեան Արքայութեան մէջ ընդունի իր հաւատարիմ ծառան եւ սփոփէ անոր պարագաներն ու հաւատացեալները։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը կու տայ բոլոր անոնց որոնք կը մասնակցին կարտինալին յուղարկաւորութեան կարգի արարողութեան։

Յայտնենք թէ հանգուցեալ կարտինալը ծնած էր 7 օգոստոս 1925 ին

1957ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ, ունենալով որպէս մասնագիտութիւն վարդապետական աստուածաբանութիւն։ Նշանակուեցաւ պատասխանատու քրիստոնէական կրօնուսուցումին հանրային դպրոցներու մէջ։ Հեղինակ է շարք մը կրօնագիրքերու։ 1978ին եպիսկոպոս օծուեցաւ ապա 1994ին արքեպիսկոպոս նշանակուեցաւ Անդանարիվօ թեմին։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. երջանկայիշատակ Քահանայապետը զինք կարտինալ անուանեց 1994ին։

Ողբացեալին մահով կարտինալական դասը կը հաշուէ 182 կարտինալ, որոնցմէ 112ը՝ Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմի հրէական տաճարը պիտի այցելէ։

Կիրակի 17 յունուար 2010ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմի հրէական տաճարը պիտի այցելէ եւ հանդիպում պիտի ունենայ Հռոմի հրեայ համայնքին հետ։ Ասիկա երկրորդ անգամն է որ Սրբազան Քահանայապետ մը Հռոմի հրէական տաճարը կ'այցելէ։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 1986-ի՝ 13 ապրիլին այցելութիւն կատարած էր Հռոմի հրեայ հասարակութեան։











 








All the contents on this site are copyrighted ©.