2010-01-12 14:16:47

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հայաստանի Նախագահը Ծաղկաձորի Մէջ Քննարկած Է Եկող Տարուան Ծրագիրները


Հայաստանի Նախագահը Ծաղկաձորի Մէջ Քննարկած Է Եկող Տարուան Ծրագիրները

ՀՀ նախագահ’ Սերժ Սարգսեան 8 Յունուարին խորհրդակցութիւն մը ունեցած է Ծաղկաձորի մէջ, որուն մասնակցած են փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը, Երեւանի քաղաքապետը եւ մարզպետները: Խորհրդակցութիւնը նուիրուած էր հանրապետութեան մէջ իրականացուող տարածքային կառավարման քաղաքականութեան, մայրաքաղաքի ու մարզերու հասարակական-տնտեսական զարգացման 2009ին արձանագրուած արդիւնքներու ամփոփման, ինչպէս նաեւ 2010ին ծրագրուած ընելիքներուն:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են տարածքային կառավարման բարեփոխումներուն, համայնքային եկամուտներու հաւաքագրման եւ տեղական հարկերու ու տուրքերու ոլորտին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարզային տնտեսութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած միտումներուն վերաբերող հարցեր:

Սերժ Սարգսեան ընդգծած է քաղաքացիներու ու անոնց խնդիրներու նկատմամբ տարածքային կառավարման մարմիններու առաւել ուշադիր վերաբերմունքի անհրաժեշտութիւնը եւ յանձնարարած աշխուժացնել ՜՜քաղաքացի-տարածքային կառավարման մարմիններ կապը՝՝:



Լաս Վեկասի Նոր Եկեղեցին ու Մշակոյթի Կեդրոնին Մարմնաւորումը Արդիւնք են Հաւաքական Աշխատանքի ու Նուիրաբերումի

2010 տարուան սեմին, Լաս Վեկասի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքը առած է պատմական քայլ մը, որը իբրեւ կարեւոր նուաճում կ՛արձանագրուի Արեւմտեան Թեմի տարեգրութեանց մէջ ու հպարտութեան առիթ է շրջանի հայերուն համար։

Արդարեւ, Ազգային Առաջնորդարանի քաջալերանքով, եկեղեցւոյ ծխական համայնքը, իբրեւ արդիւնք տեղւոյն յանձնախումբին հետեւողական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ շնորհիւ իշխանական նուիրատուութեան մը, տէր դարձաւ կալուածի մը, որուն վրայ գտնուող կառոյցները բարեփոխութեան ու պատշաճեցման ենթարկուելէ ետք, պիտի ունենանք եկեղեցի ու մշակոյթի կեդրոն մը։ Կալուածը կը գտնուի քաղաքի բանուկ մէկ փողոցին վրայ։ Անոր գմբէթը պիտի ըլլայ նման ՜՜Աղթամար՝՝ կղզիի եկեղեցւոյ գմբէթին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.