2010-01-12 13:16:01

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Մազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Մազգային Դէպքերուն։

ԱՐԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորական պաշտօնին համար Երեւանի 10-րդ ընտրատարածքին մէջ տեղի ունեցած լրացուցիչ ընտրութիւններուն, ձայներու հաշուարկը արդէն աւարտած է։ Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախնական տուեալներուն, Ազգային Միաբանութիւն Կուսակցութեան անդամ Արա Սիմոնեան յաղթած է՝ հաւաքելով 7622 ձայներ։ Հայ Ազգային քոնկրեսի անդամ, ՝՝Հայկական ժամանակ՝՝ թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ այժմ արգելափակուած Նիկոլ Փաշինեան 5023 ձայներ ստացած է, իսկ Մարքսական կուսակցութեան ղեկավար Դաւիթ Յակոբեան՝ 299 ձայներ ։ 438 քուէաթերթիկ անվաւեր նկատուած են։ Նշենք, որ ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներուն ընդամէնը 24,3 առ հարիւրը՝ 55,851 ընտրողներէն միայն 13,566-ը։

ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ ԵՒ ՋԱՀԵՐԹ ԴԷՊԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ։
Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ՝ Շահումեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան եւ 14 քաղաքական կուսակցութիւններու ու բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու բողոքի հանրահաւաքը՝ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ։ Հանրահաւաքին ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ Սահմանադրական Դատարանին՝ այս արձանագրութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող հակա-սահմանադրական կէտերը բացայայտելու եւ անոնց վաւերացումը կասեցնելու։
Ցոյցին ու ջահերթին մասնակիցները Սահմանադրական Դատարանի ղեկավարութեան յանձնեցին հանրահաւաքը կայացնող ուժերու միացեալ մէկ յայտարարութիւնը։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՅՍՕՐ ՌՈՒՍԻԱ ԿԱՅՑԵԼԷ։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը Ռուսիա կայցելէ։ ՝՝Պաքիլիլար.ազ՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ այցելութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 14 յունուար։ Ըստ թրքական աղբիւրներու, Ռուսիոյ մէջ կատարուելիք պաշտօնական բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը պիտի քննարկեն շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը։ Միւս կողմէ այսօր Երեւան կը ժամանէ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով (Մոսկուայէն կը հաղորդէ Ազատութիւն Ռադիոկայանը)։ Արդարեւ ասիկա Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին առաջին օտարերկրեայ այցելութիւնն է այս տարուան ընթացքին։

ԸՍՏ ՝՝ԼԸ ՖԻԿԱՐՕ՝՝ ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՐԴԷՆ ՅՍՏԱԿ ԿԸ ԶԳԱՑՈՒԻՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՆԿՐՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀՆՉԻՒՆՆԵՐԸ։
Ֆրանսական ՝՝Լը Ֆիկարօ՝՝ օրաթերթը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ մէջ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն ընթացքին իր դիրքերը ամրապնդած ՝՝մահմետական քաղքենիութիւնը՝՝ երկրորդ կարգի կը մղէ քեմալական գաղափարները կրող աշխարհիկ վերնախաւը։ Յօդուածի հեղինակ Լոր Մարշան կը նշէ, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը վերջին տարիներուն յաճախ կը յիշեցնէ երկրի կայսերական անցեալին մասին, ինչ որ յատկապէս ակնյայտ է Թուրքիոյ վարած արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ ՝՝News.am՝՝ կը հաղորդէ, որ յօդուածագիրը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ Թուրքիոյ մէջ սկսած է ժողովրդականութիւն վայելել ամէն բան, որ կապուած է Օսմանեան Կայսրութեան տարիներուն հետ։ Ան կը գրէ, թէ թուրքերուն համար այդ անցեալը աստիճանաբար կը դառնայ ՝՝ոսկեդար՝՝ եւ ՝՝Փաքս Օթոմանա՝՝, երբ ըստ թուրքերուն, Միջերկրական ծովուն շրջանը խաղաղ էր ու կը բարգաւաճէր, եւ կիշխէր կրօնական հանդուրժողականութիւնը։


Ժիրինովսքի Կը Հաստատէ Արցախի ՝՝Անկախութիւնը Ճանչնալու՝՝ Կեցուածքը ։

Ռուսիոյ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Վլատիմիր Ժիրինովսքի, լաթվիական «Նիթքարիկազ Ռիթա Աւիզէ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ անջատողական շարժումներուն, ըսելով, թէ ժամանակը հասած է, որ Ռուսիա ճանաչում շնորհէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան:   «Ես ատրպեճանցիներու կամ հայերու դէմ կողմնորոշուած չեմ, բայց անոնք այս հարցով (Լեռնային Ղարաբաղի) երբեք պիտի չհամաձայնին, ինչպէս, որ վրացիները պիտի չհամաձայնին աբխազներուն, արաբները՝ հրեաներուն եւ թուրքերը՝ քիւրտերուն հետ», աւելցուցած է ան: Ժիրինովսքի, անցեալին քանիցս յայտարարած է Ռուսիոյ կողմէ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու հարցին իր կողմնակցութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.