2010-01-11 14:11:52

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ

Նորին սրբութեան հանդիպումը Վատիկանի մօտ հաստատուած դիւանագիտական Մարմնին, Ծննդեան եւ Ամանորի բարեմաղթութիւններու ներկայացում։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հանդիպումը Վատիկանի մօտ հաստատուած դիւանագիտական Մարմնին.

Ծննդեան եւ Ամանորի բարեմաղթութիւններու ներկայացում։



Երկուշաբթի 11 յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինը։

Յանուն դիւանագիտական մարմնին` Վալլատարէս Լանցա, դիւանագէտներու երիցագոյնը, իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին։

Նորին Սրբութիւնը իր ճառին մէջ խօսեցաւ Ս. Ծնունդի տօնին նշանակութեան մասին եւ ապա ընդհանուր համապատկերով մը պարզեց անոնց, իր եւ Ս. Աթոռի կատարած գործունէութիւնը 2009ին։

Ապա Սրբազան հայրը ըսաւ. Եկեղեցին ամէնուն բաց է, որովհետեւ ան կ'աշխատի բոլոր ազգերու եւ ժողովուրդներու համար։ Ան կը մասնակցի մարդկութեան մտահոգութիւններուն տնտեսական ու քաղաքական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ կը պայքարի բնապահպանութեան ի խնդիր։

Սրբազան Քահանայապետը պաշտպանը հանդիսացաւ թերաճ երկիրներու ժողովուրդներուն, պաշտպանելով՝ անոնց իրաւունքը շահագործելու բնական հարստութիւնները։

Նոյնպէս Սրբազան հայրը պաշտպանը հանդիսացաւ միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք յաճախ թիրախ են հալածանքի ու զոհ՝ կրօնական ազատութեան, եւ այս պատճառաւ շատերը կը հեռանան հայրենական հողէն, վայրը՝ ուր ծնունդ առաւ ու զարգացաւ Եկեղեցին։ Զանոնք սփոփելու ու քաջալերելու համար, ըսաւ Նորին սրբութիւնը, ժողովի հրաւիրեցի Վատիկան, Միջին արեւելքի եպիսկոպոսները, յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը իր խնդակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագրին, ՜՜ դիւանագիտական կապերու հաստատման՝՝ ի տես, մաղթելով որ երկխօսութեան ճամբով բարելաւուին հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներու միջեւ կապերը ։

Նկարագրելէ ետք երկրագունդի ընդհանուր պատկերը, Նորին սրբութիւնը մէջբերաւ Պօղոս առաքեալի Հռոմէացիներու ուղղած թուղթին հետեւեալ խօսքը. ''Մենք գիտենք թէ բոլոր արարածները մինչեւ այսօր կը հեծեն երկունքի տառապանքներու մէջ։ Ոչ միայն արարածները, այլ նաեւ մենք` որ ունինք Սուրբ Հոգւոյն երախայրիքը, կը հեծենք մեր հոգիին մէջ, սպասելով որդեգրութեան եւ մեր մարմնին փրկութեան՝՝։

Եթէ մարդկութեան մէջ շատ տառապանք կայ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, պարզապէս որովհետեւ մարդկային եսասիրութիւնը այլազան եղանկներով կը վիրաւորէ արարչագործութիւնը ։

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր ճառը եզրափակեց ըսելով. ՜՜թող Քրիստոսի լոյսը եւ զօրութիւնը օգնէ մեզի յարգելու ''մարդկային բնապաշտպանութիւնը'' այն գիտակցութեամբ թէ անոր պահպանումով բնութիւնը կ'օգտուի, որովհետեւ բնութեան գիրքը մէկ է եւ անբաժան։ Եւ այսպէս կարելի պիտի ըլլայ հզօրացնել խաղաղութիւնը այսօր եւ յառաջիկայ սերունդներուն։ Բոլորիդ կը մաղթեմ Շնորհաւոր նոր տարի՝՝ ։









Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Դիւանագիտական կապեր Սուրբ Աթոռի եւ Դաշնակցային Ռուսիոյ միջեւ։

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հետեւեալ Հաղորդագրութիւնը տուաւ մամուլին. Անցեալ 9 դեկտեմբերին՝ ( 2009ին) Ս. Աթոռը դիւանագիտական կապեր հաստատեց Դաշնակցային Ռուսիոյ հետ Առաքելական դեսպանութեան մակարդակով։ Հետեւաբար ներկայիս Ս. Աթոռի հետ դիւանագիտական լիազօր կապեր հաստատած են 178 պետութիւններ, ասոնց պէտք է աւելցնել Եւրոպական Միութիւնը, Մալդայի զինուորական կարգի իշխանապետութիւնը եւ Պաղեստինի ազատագրումի կազմակերպութեան գրասենեակը։

Գալով միջազգային մարմիններուն, Ս. Աթոռը ներկայ է ՄԱԿին մէջ, որպէս դէտ եւ միաժամանակ անդամ է ՄԱԿի պատկան 20 գործակալութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.