2010-01-11 14:12:11

Ծիսական Ժամանակացոյց

Կիրակի 10 Յունուարէն Շաբաթ 16 Յունուար 2010


Ծիսական Ժամանակացոյց

Կիրակի 10 Յունուարը Յայտնութեան Ե օրն է

Հինգշաբթի 14 Յունուարին Յովհաննէս Կարապետի տօնն է :

Յովհաննէս՝ մարգարէն է բարձրեալին, որուն պաշտօնն է պատրաստել ժողովուրդին սիրտը Աստուծոյ բարութեան, որ պիտի յայտնուի Յիսուսով։

Յովհաննէս Կարապետի պարտականութիւնն էր ստեղծել ժողովուրդին մէջ տրամադրութիւնը, որ Յիսուսի մէջ տեսնեն ու ճանչնան խոստումներու իրականացումը։

Ծագող արեգակը ուրեմն մօտեցած է, Յովհաննէս անոր արշալոյսն է։

Ուրբաթ 15 Յունուար՝ պահոց օր է

Շաբաթ 16 Յունուարին հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Աղեքսանդրիոյ հայրապետ Պետրոսի եւ Աբիսողոմ սարկաւագի տօնը

Ս. Պետրոս հայրապետ պատուական եւ գիտուն առաջնորդ մըն էր։ Ան եղած է անձուրաց հովիւ մը ո ր ամէն ձեւով ջանաց պահպանել իր հօտին կեանքը Դիոկղետիանոսի հալածանքներուն միջոցին։

Մատնուեցաւ բազմատանջ նեղութիւններու, եւ ստիպուեցաւ ժամանակ մը հեռանալ Պաղեստին եւ Միջագետք, իր Աբիսողոմ անունով սարկաւագին հետ, որ իրեն նման հոգելից ծերունի մըն էր։ Բայց երբ լսեց որ իր գործակիցներէն շատեր նահատակուած են, ու իր հօտը անտէր անպաշտպան մնացած՝ կը վերադառնայ Աղեքսանդրիա։

Դարձեալ վիշտ ու տառապանք՝ մինչեւ վերջնական բանտարկութիւն, որուն ընթացքին շարունակ զինք մխիթարելու կու գար Ս. Անտոն։ Սուրբը արեան պսակը ընդունեցաւ 311 թուականին ։ Իրեն հետ չարչարակից եղաւ միշտ Աբիսողոմ սարկաւագը, որ յետոյ խոստովանողական մահուամբ կնքեց իր կեանքը։

Կիրակի 17 Յունուար, Բ. կիրակին է զկնի Յայտնութեան։










All the contents on this site are copyrighted ©.