2010-01-11 14:12:24

Լուրեր հայ եկեղեցէն

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՊԷՅՐՈՒԹԻ Ս ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ - Ս ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ՝ կիրակի, 10 յունուար 2010-ին Պէյրութի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Ձեռամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարք՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ, Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի, տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւնը Զմմառու միաբան՝ Սեպուհ սրկ Կարապետեանին։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ժողովուրդին եւ նորօծ քահանային ուղղած իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ քահանան միջոցներ պէտք է հնարէ մարդիկը Աստուծոյ մօտեցնելու համար, քահանան միշտ պէտք է հոգ տանի իր հոգեւոր կեանքին, եւ պէտք չէ անտեսէ աղօթքի պահերը ։ Ս պատարագը, զոր քահանան կը մատուցէ՝ պարտի ըլլալ կեդրոնը իր կեանքին եւ մղիչ ուժը՝ իր գործերը հաւատքով կատարելու համար, շեշտեց հոգեւոր տէրը՝ աւելցնելով՝ իր հովուական գործը լաւ կատարելու համար անհրաժեշտ է, որ քահանան յարատեւ զարգանայ եւ խորանայ եկեղեցւոյ ճշմարտութիւններուն մէջ, նաեւ հետեւի իր մեծաւորներուն տուած ուղղութիւններուն։ Քահանան պէտք է ըլլայ փափկասիրտ, հայր, դաստիարակ, մխիթարիչ, ներող՝ նոյնիսկ զինք քննադատողներուն։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը բացատրեց, որ քահանան իր կեանքին իբրեւ օրինակ պիտի նկատէ սուրբերն ու երանելիները եւ անոնց նման իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս պիտի դնէ Աստուծոյ սէրը սփռելու համար, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլայ սիրոյ սերմնացան եւ վկայ Աւետարանի ուրախութիւններուն։

Աւարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց նորօծ քահանան՝ մաղթելով, որ յաջողութեամբ կատարէ իր առաքելութիւնը։

Յայտնենք, որ նորօծ քահանան իր անդրանիկ սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ 17 յունուարին՝ Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ նորօծ քահանայ Հ. Սեպուհ Կարապետեանը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ անոր իր առաքելութեան մէջ. նաեւ կը շնորհաւորէ Հայր Սեպուհի վրդ.ի ծնողները , Զմմառու Միաբանութիւնը եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին։

All the contents on this site are copyrighted ©.