2010-01-11 14:24:13

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լուրեր հայ աշխարհէն

Ռուսիոյ օգնութիւնը Արցախի մանուկներուն

Նիժնի Նովկորոտի շրջանի Կամուրջ կազմակերպութիւնը Արցախի մանուկներուն օգնութեան արշաւ մը կազմակերպած է Եղբօրից եղբօր անունով։

Ձեռնարկին նպատակն է Արցախի մանուկներուն համար հագուստներ հաւաքել։ Նորածիններուն համար՝ նոր, իսկ դպրոցականներուն համար կարելի է գործածուած հագուստ նուիրել։

Նման աշխատանք մը Արցախի ժողովուրդին ցոյց կու տայ, որ մինակ չեն եւ կեանքի բերումով այլ երկիրներու մէջ ապրող ազգակիցներ ունին։ Այս գործը կապացուցէ, որ հեռաւորութիւնը չարգիլեր մեր միասնականութիւնը։ Այս տեսակ ձեռնարկ մը Նիժնի Նովկորոտի մէջ առաջինն էր։

Ապագային պիտի շարունակուին այս տեսակ ձեռնարկներ՝ Հայաստանի միւս շրջաններուն մէջ։

Հագուստներուն ցրուումը պիտի ստանձնեն տեղւոյն եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները։



Հայկական Խաչքար մը կանգնուած է Պուէնոս Այրես նահանգի մայրաքաղաք Լա Պլատայի մէջ

Պուէնոս Այրես նահանգի մայրաքաղաք Լա Պլատայի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ գտնուող Անարատ յղութեան մայր տաճարին մօտակայքը կայացած է հայկական խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Պուէնոս Այրեսէն, Պերիսոյէն ժամանած եւ տեղի՝ Լա Պլատայի հայ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ խաչքարի բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան, Լա Պլատայի քաղաքապետ Օսքար Փապլօ Փրուէրան, Պուէնոս Այրես նահանգի խոհրդարանի անդամ Սերխիօ Նահապետեան եւ ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրեսի մասնաճիւղի նախագահ Ռուբէն Քէշիշեան։

Խաչքարի օրհնութեան արարողութիւնը կատարեցին Լա Պլատայի արք Էքթոր Ակերա եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի Չիլիի թեմի առաջնորդ Գիսակ արք Մուրատեան։

Բացման արարողութենէն առաջ Ս պատարագ մատուցուեցաւ մայր տաճարին մէջ, որմէ ետք ելոյթ ունեցան՝ ՀԲԸՄ Պուէնոս Այրես մասնաճիւղի նախագահ Ռ Քէշիշեանը, երեսփոխան Սերխիօ Նահապետեան, Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան եւ լաւ Պլատայի քաղաքապետ Օսքար Փրուէրան։ Ձեռնարկին աւարտին ելոյթ ունեցաւ Պուէնոս Այրեսէն ժամանած Գայիանէ պարախումբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.