2010-01-10 10:06:43

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու

ԱՆԿՈԼԱ։ ՝՝Ըսբորը որպէս առիթ՝վերածնունդի՝՝։ Արդարեւ 10 յունուարէն մինչեւ 31 յունուար Անկոլան պիտի հիւրընկալէ Ափրիկեան Բաժակի աւարտական փուլը,որու իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 16 խումբեր եւ ցամաքամասի լաւագոյն գնդակ խաղացողները։ Ոտնագունտի հանդիպումներու կազմակերպութիւնը բազմաթիւ բարելաւումներ բերած է երկրին ,ընդ որս մայրաքաղաքի միջազգային օդակայնի նոր մէկ բաժանմուքի բացումը ,երկու նոր մարզադաշտերու իրագործումը մին Լուանտա իսկ միւսը Պէնկուէլայի մէջ, բայց յատկապէս ճանապարհային նոր սալարկումները եւ ելեկտրականութիւն այն վայրերու համար ուր դեռ չէր հասած, նոյնիսկ ծաղիկներ եւ գունագեղ դրօշակներ որոնք աչքերու առջեւ կը դնեն տօնական մթնոլորտ եւ որոնք պիտի չանհետանան անմիջապէս մրցա-խաղերու աւարտին ,այլ այս բոլորէն պիտի օգտուի երկրի բնակչութիւնը երկար ժամանակ։ Մարզական այս ժամադրութիւնը առիթ պիտի տայ Անկոլային նոր դէմքով մը ներկայանալու աշխարհի առջեւ ,յետ արիւնալի քաղաքացիական պատերազմին որ պատճառեց հարիւրաւոր մեռեալներ եւ թէ վերջ գտաւ 2002ին, գրեթէ 30 տարի տեւող ընդհարումներէ ետք։





Տմիթրի Մետւետեւ Ռուս-Հայկական Կապերը Առաւել Սերտացած Կը Նկատէ

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Ըստ Ռուսիոյ կառավարական մամուլի ծառայութեան, Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Տմիթրի Մետւետեւի կողմէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղղուած ամանորեան ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.



«Անցնող տարուան ընթացքին Ռուսաստանն ու Հայաստանը համատեղ ջանքերով լուրջ առաջընթաց ապահոված են փոխշահաւէտ բազմակողմանի կապերու խորացման գործին մէջ: Քաղաքական երկխօսութեան ծանրակշիռ արդիւնքները ունին բոլոր հիմքերը՝ եկող տարի ակնկալելու ռուս-հայկական համագործակցութեան դրական ուժը՝ ի շահ մեր երկիրներու ժողովուրդներու բարեկամութեան բազմադարեայ աւանդոյթներու ամրապնդման, տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան»:








All the contents on this site are copyrighted ©.