2010-01-09 13:11:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը



Շաբաթ 9 Յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին,

ապա յաջորդաբար ընդունեց կարտինալ Անտրէա Մոնթեծեմոլօ,կարտինալ ուիլիամ Պոմ եւ գերապայծառ Ժոզէֆ տի Նոյեա քարտուղարը՝ աստուածային պաշտամունքի ու խորհուրդներու մատակարարման ժողովին։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հիւսիսային Ամերիկայի դպրեվանքի մեծաւորները եւ ուսանողները, շուրջ 550 հոգի, դպրեվանքի հիմնարկութեան 150 ամեակին առթիւ



Կիրակի, 10 Յունուար, տօնն է Յիսուսի մկրտութեան, ըստ լատինաց։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատարագ կը մատուցէ ՜՜Սիքստեան՝՝ մատրան մէջ, առաւօտեան ժամը 10ին եւ ապա մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարէ 14 երախաներուն

Իսկ կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը կ'արտասանէ Ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած՝ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.