2010-01-09 13:09:10

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ խորհրդակցութիւն ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ,նուիրուած երկրին մէջ իրականացուող տարածքային կառավարման քաղաքականութեան, մայրաքաղաք Երեւանի եւ հանրապետութեան մարզերու ընկերային-տնտեսական զարգացման 2009 թուականին արձանագրուած արդիւնքներու յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ 2010-ին ծրագրուած աշխատանքներուն։ Խորհրդակցութեան մասնակցեցան փոխ-վարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան, Երեւանի քաղաքապետը եւ մարզպետները։ Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան տարածքային կառավարման բարեփոխումներուն, համայնքային եկամուտներու հաւաքարման եւ տեղական հարկերու ու տուրքերու մարզին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւններու, ինչպէս նաեւ մարզային տնտեսութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած միտումներուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր։ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց քաղաքացիներուն եւ անոնց խնդիրներուն նկատմամբ տարածքային կառավարման մարմիններու առաւել ուշադիր վերաբերմունքի անհրաժեշտութիւնը եւ յանձնարարեց աշխուժացնել քաղաքացի-տարածքային կառավարման մարմիններ կապը։

ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ 12 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, 12 յունուարին Հայաստան պիտի ժամանէ։ Նշենք, որ ասիկա 2010-ին արտասահմանի պատուիրակութեան մը առաջին այցելութիւնն է Երեւան։ Համաձայն հաւաստի աղբիւրներու, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն, որոնց շարքին՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Հանդիպումի ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել շրջանային եւ միջազգային խնդիրներ, որոնց շարքին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խնդիրը։ Միեւնոյն ժամանակ, 12 Յունուարին Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով Մոսկուա պիտի երթայ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողան, որ յայտարարած է, թէ կը պատրաստուի կոչ ուղղել Մոսկուային՝ աշխուժացնելու ջանքերը ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացին մէջ։

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՉԷՐ, ԱՅԼ ՈՒՆԷՐ ՅՍՏԱԿ ԾՐԱԳԻՐ ԵՒ ՔԱՐՏԷՍ՝ ՀԱՄԱԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱԿԷՏ
ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԹՈՒՐՔ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ։ (ՊԷՅՐՈՒԹ)
Կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակին, ուրբաթ 8 յունուար 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ազդակ օրաթերթի ՝՝Փիւնիկ՝՝ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային դասախօսութիւն, որուն նիւթն էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ մաս՝ ժողովրդարական քաղաքականութեան։ Օրուան դասախօսն էր թուրք այլախոհ պատմաբան եւ համալսարանի դասախօս դոկտ. Թաներ Աքչամ։
Վերա Եագուպեան ներկայացուց Թաներ Աքչամի կենսագրութեան հիմնական գիծերը։ Ան ըսաւ, թէ թուրք պատմաբանը հեղինակն է 11 գիրքերու ու հարիւրաւոր յօդուածներու, որոնք առնչուած են Օսմանեան կայսրութեան անմարդկային ոճիրներուն, Թուրքիոյ ազայնական մօտեցումներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին։ Բացման խօսքէն ետք դոկտ. Թաներ Աքչամ հաստատեց, թէ Թուրքիոյ ժողովրդարական քաղաքականութիւնը միայն ուղղուած չէր հայ ժողովուրդին դէմ, քանի որ թրքական ծրագիրին դէմ յանդիման կը կանգնէին հայերուն կողքին նաեւ այլ քրիստոնեաներ եւ թրքական ծաում չունեցող իսլամներ, ինչպէս՝ քիւրտերը։

Աքչամ հաստատեց, թէ Օսմանեան կայսրութեան ժողովրդարական քաղաքականութիւնը պատերազմի պայմաններուն հակազդեցութիւն չէր, այլ յստակօրէն ծրագրուած աշխատանք մըն էր, որուն ետին կանգնած էր յստակ քարտէս մը, եւ անիկա ունէր համա-իսլամական մեկնակէտ։ Ան աւելցուց, որ Թալէաթ փաշա իւրաքանչիւր նահանգի մասին հերթական տեղեկութիւններ կը հաւաքէր՝ գիտնալու համար, թէ տեղահանութիւններու աշխատանքը ի՛նչ հանգրուանի մէջ կը գտնուի եւ գործին մէջ ի՛նչ դժուարութիւններ գոյութիւն ունին։ Թաներ Աքչամ նշեց, որ մէկ շաբթուան ընթացքին տեղի կունենային տեղահանութիւնները եւ իսլամներու վերաբնակեցումները, ինչ որ բաւարար ապացոյց է հաստատելու համար, թէ ժողովրդարական քաղաքականութիւնը ամբողջականօրէն ծրագրուած էր եւ կազմակերպուած։ Թուրք այլախոհ պատմաբանը Օսմանեան կայսրութեան հեռագիրներէն մէջբերումներ կատարելով նշեց, որ Օսմանեան կայսրութենէն պահուած արխիւները բաւարար փաստարկներ կը բովանդակեն։
Դասախօսը յիշեցուց, թէ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտին մէջ նշուած է, թէ ընտանիքներու բռնի ձուլումը համազօր է Ցեղասպանութեան, եւ Օսմանեան կայսրութիւնը մանուկներուն ու կիներուն դէմ այս գծով գործած է յստակ ոճիրներ, որոնց մասին կը վկայեն նոյնինքն կայսրութեան հեռագիրները։ Հայկական հողերուն եւ ինչքերուն վերաբերեալ Աքչամ յայտնեց, որ Օսմանեան կայսրութիւնը այդ կալուածներն ու գոյքերը կը ծախէր իսլամներուն (յառաջացնելու համար մեծահարուստներու դասակարգ մը), նիւթական միջոցները կ՝օգտագործէր պատերազմի համար, տեղահանութիւններուն ծախսերը հոգալու համար, իսկ հանրային կառոյցները կ՝իւրացնէր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հայութեան վերադարձնելիք բան արդէն չէր մնացած։ Այս բոլոր հաստատումներէն ետք Թաներ Աքչամ նշեց, որ տեղահանութիւններուն մասին յստակ տուեալներ ու թիւեր չկան արխիւներուն մէջ։
Իր խօսքի աւարտին Աքչամ յայտնեց, որ հայերուն ու թուրքերուն միջեւ պէտք է կայանայ երկխօսութիւն։ Ան ըսաւ, թէ հարցը նիւթական հատուցումով ալ չի վերջանար, քանի որ եթէ հատուցումը տրուի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները ոտնակոխեն, ապա բան մը փոխուած չըլլար։ Թաներ Աքչամ շեշտեց արդարութեան եւ հաւասարութեան կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան ծրագրուած գործողութիւնը ձախողեցաւ, քանի որ Տինքի մահը փոփոխութեան մը սկիզբը դարձաւ, որուն մեկնակէտն է փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն հաստատումն ու արդարութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.