2010-01-08 13:33:54

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

50.000 ՊՈԼՍԱՀԱՅԵՐ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ։
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանէն ներս Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութիւններ
տեղի պիտի ունենան։ Թուրքիոյ հայ համայնքը պաշտօնապէս դիմում ներկայացուցած է Պոլսոյ իշխանութիւններուն, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Աթոռակից Պատրիարքի (համապատրիարքի) ընտրութիւններ կազմակերպելու արտօնութիւն ստանալու համար, քանի որ Թուրքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ՝ Մեսրոպ Մութաֆեան Արքեպիսկոպոսը հիւանդ է եւ չի կարողանար լիարժէք կատարել իր պարտականութիւնները։ ԸՆտրութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերեն Պոլսոյ հայ համայնքի աւելի քան 50 հազար անդամներ։ 54-ամեայ Մեսրոպ Պատրիարքը մինչեւ մահ պիտի պահպանէ իր տիտղոսը, բայց, քանի որ ան հիւանդ է ՝՝ծերունական թուլամտութեամբ՝՝ անհրաժեշտ է համապատրիարքի ընտրութիւնը, որ իր պարտականութիւնները պիտի սկսի կատարել ընտրութենէն 40 օր յետոյ։ Մեսրոպ Մութաֆեանը Պատրիարք ընտրուած էր 1998 թուականին՝ դառնալով Մեսրոպ Բ. Պատրիարք, Պոլսոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պատրիարքարանի ու Թրքահայ Համայնքի Հոգեւոր Առաջնորդը։ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են երկու հոգեւոր առաջնորդ՝ Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպիսկոպոս Չուլճեան եւ Գերմանիոյ հայերու հոգեւոր առաջնորդ Գարեգին եպիսկոպոս Բեկչեան, որոնք ծնած են Թուրքիոյ մէջ եւ հետեւաբար կը լրացնեն թեկնածութեան համար անհրաժեշտ կարեւորագոյն նախապայմանը:
ԹՈՒՐՔ ՊԱՏՄԱԳԷՏ ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ-Ի ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրաւէրով գումարուող Լիբանանահայ Մտաւորականներու հերթական հանդիպման նիստը, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 7 յունուար 2010-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, յատկացուած էր թուրք այլախոհ պատմաբան եւ համալսարանի դասախօս դոկտ Թաներ Աքչամի հետ զրոյցի մը։ Լիբանանահայ աւելի քան 50 մտաւորականներ ներկայ գտնուեցան հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Կիլիկիա թանգարանի Կիւլպենկեան սրահին մէջ։ Դոկտ Աքչամ իր դիմաց գտնելով գաղութի մտաւորական խաւը, կարեւորութեամբ ընդգծեց երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ապա, խօսեցաւ հայութեան տառապանքին մասին՝ անբաղդատելի գտնելով զայն պատմութեան ընթացքին պատահած այլ ժողովուրդներու կրած չարչարանքներուն հետ։ Երկուստեք ուսանելի գտաւ մտածումներու փոխանակումը՝ իբրեւ իրար-հասկացողութեան ճանապարհ։ ՝՝Գործընթաց մը, որուն մէջ ենք ներկայիս ամէնքս՝՝ (ըսաւ ան)։ Հանդիպումը շուտով վերածուեցաւ սրտբաց զրոյցի, որ ընկերային, հոգեբանական, կրօնական, աշխարհարական, քաղաքական, միջազգային եւ այլ երեսներով քննարկումի ենթարկեց Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կանխամտածուած ու գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Հայաստանի ու Թուրքիոյ պետութեանց միջեւ կնքուող համաձայնագիրները ոչ մէկ արժէք ունին, երբ ժողովուրդի մը ամբողջ զգացական աշխարհը տակաւին կը մնայ վիրաւոր, եւ անոր հաւաքական յիշողութիւնը՝ այնքա՛ն անտեսուած(աւելցուցած է թուրք պատմագէտը)։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ՝ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՈՐԵՒԷ ՓՈՐՁ ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինեալ ուժերու երագոյն ընդհանուր հրամանատար Սերժ Սարգսեան իր հերթական աշխատանքային խորհրդակցութիւնը կատարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ։ Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են 2009-ին կատարուած աշխատանքները, բանակի մարտական պատրաստութեան, զինեալ ուժերու հետագայ զարգացման ու կատարելագործման ուղղութեամբ 2010 թուականին ընթացքին ծրագրուած աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առնչութեամբ համապատասխան յանձնարարութիւններ տուած է։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հաստատած է, թէ Հայաստանի զինեալ ուժերը պատրաստ են իրենց առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները լուծելու եւ կասեցնելու Հայաստանի դէմ զինուորական նախայարձակումի որեւէ փորձ։







All the contents on this site are copyrighted ©.