2010-01-07 13:33:06

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայաստան Ծառատունկ ծրագիրը կ՝իրականացնէ մէկ միլիոն ծառի տնկելու ծրագիրը Լոռիի մէջ ։

Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիրը, համագործակցելով ՀՀ կառավարութեան եւ Բնու-թեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղի հետ, աննախադէպ լայնածաւալ ծրագիր կիրականացնէ, անտառատնկման փուլերով Լոռիի մարզի Ջրաշէն եւ Ծաղկաբեր համայնքներու մէջ։

Հարաւային Կովկասի մէջ կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութեան մեղմացում անտառային լանդշաֆտներու վերականգնման միջոցով ծրագիրը կիրականացուի Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի, ՀՀ Բնապահպանութեան եւ Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններու (Հայանտառ ՊՈԱԿ), Էյ-Թի-Փի բարեգործական հիմնադրամի, Ջրաշէն եւ Ծաղկաբեր համայնքներու վարչական տարածքներու համագործակցութեամբ։ Ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի գերմանական KfW դրամատան կողմէ կլիմայի փոփոխութեան միջազգային նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս։

Ծրագիրը սկիզբ առաւ 2008 ի վերջաւորութեան, եւ մինչեւ օրս վերոյիշեալ ծրագրի շրջանակներէն ներս, Էյ-Թի-Փի բարեգործական հիմնադրամը տնկած է մէկ միլիոն տունկ։ Տունկերու այս աննախադէպ թիւը կազմակերպութիւնը տնկած է մէկ տարուայ ընթացքին։ Անտառտընկման գօտին կը զբաղեցնէ Լոռիի մարզի 400 հա անտառազուրկ տարածքը։ Այս բնապահպանական ծրագիրը հարիւրաւոր աշխատատեղեր ստեղծած է համայնքներու բնակիչներուն համար։ Ծրագրի նպատակներէն է նաեւ զարգացնել համայնքներու ընկերա-տնտեսական կարգավիճակը։ Աւելի քան 300 բնակիչ Ծաղկաբեր, Ջրաշէն եւ Մարգահովիտ համայնքներէն մասնակցած են անտառտնկման։



Սպարտակի ստեղծագործական խումբը պարգեւատրուեցաւ Հ Հ նախագահի շնորհակալագրով։

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Դեկտեմբեր 29-ի կարգադրութեամբ՝ Արամ Խաչատրեանի աշխարհահռչակ ՜՜Սպարտակ՝՝ պալետը Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ նոր պարուսուցական մեկնաբանութեամբ բարձրարուեստ բեմադրելու համար՝ ՜՜Սպարտակի ստեղծագործական խումբը՝՝ պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շնորհակալագրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.