2010-01-07 13:06:25

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԵԹԷ ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻՆՉԵՒ 23 ԱՊՐԻԼ ՉՎԱՒԵՐԱՑՆԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, ԱՊԱ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԻՐ ԱՐԺԷՔԸ (Կ՝ԸՍԷ ԹԵՒԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ )։ Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնի գործադիր տնօրէն Թեւան Պօղոսեան ՝՝news.am՝՝ լրատուական կայքէջին յայտնած է, որ Հայաստանի նախաձեռնողական արտաքին քաղաքականութիւնը նշանակալի իրադարձութիւն էր 2009 թուականին եւ անիկա թոյլ տուաւ, որ Հայաստանի նման փոքր երկիր մը մեծ պետութիւններուն հետ խօսի հաւասարէ հաւասար, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատուի իր դերը միջազգային կառոյցներուն մէջ, այլ խօսքով՝ ցոյց տայ ինքզինք քարտէսի վրայ։ Ըստ անոր, Հայաստանի նախաձեռնողական քաղաքականութիւնը հայ-թրքական հարցին մէջ հանրապետութեան առիթ տուաւ բարձրացնել իր միջազգային վարկը, իսկ այսպիսի նախաձեռնողական քաղաքականութիւնը միջազգային կառոյցներուն, ինչպէս՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ թոյլ տուաւ այդ կազմակերպութիւններուն՝ աւելի լուրջ երեւիլ։ Ըստ Պօղոսեանի, ձմրան աւարտին եւ գարնան սկիզբը կարելի է դրական տեղաշարժներ ակնկալել Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն վաւերացման առումով։ Ան նշեց, որ Թուրքիա այդ արձանագրութիւնները պիտի վաւերացնէ միջազգային հանրութեան ճնշման տակ։ Եթէ Թուրքիա յետաձգէ այդ հարցը, ըսենք՝ մինչեւ 23 ապրիլ, ապա արձանագրութիւններուն վաւերացումը իր արժէքը պիտի կորսնցնէ միջազգային հանրութեան առջեւ, եւ հաւանական է, որ պատժամիջոցներ կիրարկուին Անգարայի նկատմամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը աշխուժացնելու իմաստով(ընդծեց Պօղոսեան)։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ՇԱՏ ԱՇԽՈՒԺ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՁԱՅՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (Կ՝ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ԿԻՒԼ) ։
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ թրքական ՝՝Սի.Էն.Էն.Թիւրք՝՝ պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Հայաստանի հետ կը տարուի շատ աշխուժ, սակայն անձայն դիւանագիտութիւն։ Սառեցուած խնդիրները կարծարծենք։ Այստեղ գործընթացը հրապարակային դարձնելը պիտի դժուարացնէ գործը։ Այս գործին վրայ շատ ջանք կը գործադրուի։ Ռուսիան՝ իբրեւ առանցքային երկիր, նոյնպէս գործընթացին մէջ է։ Կիւլ ընդգծած է Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը։ Կովկասը պէտք չէ պատ դառնայ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ։ Շրջանի սառեցուած տագնապները պէտք է լուծուին(ըսած է ան) ։
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՍՏԵՂԾՈՒԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՐՔՈՂՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐՈՎ ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՏԱՐԱՆ ։
Ֆրանսայի մէջ կը ստեղծուի յատուկ դատարան որը պիտի զբաղի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը » հերքողներու դէմ յարուցուած գործերով: Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարար Բեռնար Քուշները և Արդարադատութեան Նախարար Միշել Ալյո Մարին այս մասին արտայայտուած են ֆրանսական Le Monde պարբերականին: Նախարարներու արտայայտութեամբ ՝՝անոնք հերքելով Ցեղասպանութիւնը , մարդկութեան դէմ յանցանք կը գործեն իսկ մարդկութեան դէմ յանցանք գործողները պետք է որ պատժուին՝՝ ։ Յիշենք որ վերջերս Լիոնի դատարանը թրքուհի Սիրմա Օրանը դատապարտած է վճառել 1500 Էուրօ որպէս պատիժ՝ Հայոց Ցեղասպանությունը հերքելուն :
՜՜ԱՌԱՆՑ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ՜՜ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՇԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԳՐԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ։
՝՝Առանց Սահմաններու Լրագրողներ՝՝ ծանօթ կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, ներկայիս աշխարհի մէջ աւելի քան հարիւր պլոկըրներ եւ այսպէս կոչուած ՝՝համացանցային այլախոհներ՝՝ բանտարկուած են։ Տարուէ տարի կաւելնայ թիւը այն երկիրներուն, որոնք համացանցին մէջ գրաքննութիւն կը կիրարկեն։Համացանցին մէջ գրաքննութիւնը ամէնէն շատ տարածուած է՝ Չինաստանի, Իրանի, Թայլանտի եւ Հարաւային Քորէայի մէջ։ Կազմակերպութեան հրապարակած զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճանի մէջ երկու պլոկըրներ դատապարտուած են ՝՝երկու տարուան ազատազրկման՝՝ պարզապէս որովհետեւ իրենց տեսահոլովակներուն մէջ ծաղրած են քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչները։ ՝՝Էխօ Մոսկվի՝՝ ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ՝՝Առանց Սահմաններու Լրագրողներ՝՝ կազմակերպութիւնը կը խոստանայ մարտ ամսուայ կիսուն համացանցի թշնամիներուն դէմ քայլերու ձեռնարկել։







All the contents on this site are copyrighted ©.