2010-01-05 14:01:56

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հ.Կ.Հ.Մ.-ի՝ այցելութիւնը Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքին, Յիսուսի Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առթիւ


Լուրեր հայկական կեանքէն

Հ.Կ.Հ.Մ.-ի՝ այցելութիւնը Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքին, Յիսուսի Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առթիւ Պէյրութ, Լիբանան

Հ.Կ.Հ.Մ.-ի՝ Հայ Կաթողիկէ Համալսարականներու միութեան պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ՝ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեանին Շաբաթ 2 Յունուար 2010-ին, այցելեց  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց պատրիարքարան, շնորհաւորելու համար Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքը Յիսուսի Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առթիւ:


Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցը Հրազդանի բժշկական կեդրոն։

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 29-ին ներկայ գտնուեցաւ Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքի ամբողջովին հիմնանորոգուած բժշկական կեդրոնի բացման արարողութեան։ Կեդրոնի արդիականացումը իրականացաւ Համաշխարհային դրամատան Հայաստանի առողջապահութեան համակարգի արդիականացում վարկային ծրագրի ծիրէն ներս։ Այս ծրագրին մէջ ընդգրկուած մարզային հիւանդանոցներու շարքին Հրազդանի բժշկական կեդրոնը առաջինն է՝ աշխատանքները աւարտելու առումով։ Հրազդանի բժշկական կեդրոն՝ ՓԲԸ-ի կազմին մէջ ներառուած են քաղաքի հիւանդանոցը, բազմաբուժարանը եւ ծննդատունը։ Կը նախատեսուի այստեղ տեղափոխել նաեւ Հրազդանի բժշկական քոլեժը։ Մարզային հիւանդանոցային համակարգով Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ստեղծուեցաւ հիմնական բժշկական սարքաւորումներով յագեցած արդիական բժշկական կեդրոն։





Ճափոնի կառավարութեան օժանդակութիւնը Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին

Ճափոնական կառավարութեան տրամադրած շուրջ 29 միլիոն իենի կամ 310 հազար տոլարի չափով մշակութային դրամաշնորհի միջոցով կը վերականգնուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ պահպանուող 25 հազար արուեստի գործերէն 12 հազարը։ Այդ գումարի չափով ճափոնական կառավարութիւնը Ազգային պատկերասրահին կը տրամադրէ ժամանակակից ամէնատարբեր տեսակի տեխնիկ սարքաւորումներ՝ ցուցադրանմուշներու ֆիզիքա-քիմիական եւ այլ կարգի ուսումնասիրութիւններ կատարելու եւ վերականգնողական աշխատանքներ իրականացնելու համար։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.