2010-01-04 14:34:54

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հայաստանի մասին պատմող Նոյի երկիրը վաւերագրական շարժապատկերին ցուցադրութիւնը։


Լուրեր հայկական կեանքէն

Հայաստանի մասին պատմող ''Նոյի երկիրը'' վաւերագրական շարժապատկերին ցուցադրութիւնը։

Սքանտինաւեան երկիրներու մէջ սկսած է Հայաստանի մասին պատմող «Նոյի երկիրը» (The land of Noah) վաւերագրական շարժապատկերին ցուցադրութիւնը, ըսած է ՀՀ տնտեսութեան  նախարարութեան տարածքային, տնտեսական զարգացման եւ զբօսաշրջիկութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան նշենք թէ Սպանական հեռատեսիլի ալիքը եւս՝ իր 450 միլիոն լսարանի համար՝  յաջորդ տարի պիտի սկսի այդ շարժանկարի հեռարձակումը, իսկ իտալական «RAI» եւ յայտնի «Discovery Channel» հեռատեսիլի ալիքներուն հետ բանակցութիւններ կը տարուին անոր ցուցադրման իրաւունքը ձեռք բերելու համար:

  Հայաստանի մէջ ըսած է Ապրէսեան,շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի թարգմանական աշխատանքներու աւարտէն ետք:

 Նշենք, որ յիսուներկու վայրկեան տեւող անգլերէն «Նոյի երկիրը» շարժապատկերը կը ներկայացնէ ամբողջ Հայաստանը, Լեռնային Ղարաբաղը, ինչպէս նաեւ Անին ու Արարատ լեռը: Անոր պատրաստութեան համար ՀՀ պետական պիւտճէէն ծախսուած է 225 հազար եւրօ եւ 11 միլիոն դրամ:

՜՜Չեմչեմիկի արկածները՝՝ երաժշտախառն թատերգութեան ներկայացում։

Կազմակերպութեամբ Հայկական շրջուն թատերախումբին եւ գործակցութեամբ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահի վարչութեան, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Չեմչեմիկի արկածները երաժշտախառն թատերգութեան անդրանիկ ներկայացումը։

Հեքիաթային բնոյթ կրող թատրոնին մէջ Արամիկը ծուլութեան պատճառով կուզէ առանձնանալ, երբ կատուն, տօնածառը, ժամացոյցը, անկողինը, պահարանը եւ այլ իրեր ու տիպարներ կը սկսին խօսիլ։ Այդ մթնոլորտին մէջ Արամիկը (որ հետագային կը դառնայ Չեմչեմիկ) կը գիտնայ գիրքին կարեւորութիւնն ու արժէքը եւ կուզէ վերադառնալ իր բնականոն կեանքին՝ աշխատասիրութեամբ շարունակելու իր օրերը։ Չեմչեմիկի արկածները թատրոնի բեմադրիչն է Լանա Քոչարեան-Ատրունի, թատերգութեան հեղինակը՝ Վաչէ Ատրունի, իսկ երաժշտութիւնը պատրաստած է Վաչէ Գալենտէրեան։ Հայկական շրջուն թատերախումբի դերասաններն են Գէորգ Մանուկեան, Հրակ Փափազեան, Նազօ Գէորգեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Լիզա Կիւլիւմեան, Պեթի Սարգիսեան, Յովհաննէս Հելվաճեան, Մելօ Պապէեան եւ Հուրի Աշըգեան։

Երկու արարներով Չեմչեմիկի արկածներու ներկայացումը շուրջ երեք ամսուան աշխատանքի արդիւնք է ըսած է թատրոնի բեմադրիչ Լանա Քոչարեան-Ատրունի անոր դերասանները գիտակից մօտեցումով, լրջութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ կը կատարէին իրենց պարտականութիւնը եւ այս այս թատրոնը ըսատ Քոչարեան-Ատրունիի. երեսփոխաններուն եւ պատանիներուն ուղղուած պատգամներով լի նուէր մըն է։





Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Ս. Պատարագ եւ Հռոմահայերու տարեկան Ակաբը

Չորեքշաբթի 6 Յունուար 2010 ին Աստուածայայտնութեան տօնն է , Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Յայտնութեան տօնը։ Այս առթիւ, ինչպէս ամէն տարի. այս տարի եւս Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի կազմակերպութեամբ՝ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւն որ սկիզբ պիտի առնէ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագով Սուրբ Նիկողայոսի նուիրուած հայոց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք պիտի կատարուի Ջրօրհնէքի եւ Յիսուսի Մկրտութեան արարողութիւնը , հուսկ՝ Հռոմահայութեան տարեկան հանդիպումը տօնական մթնոլորտի մէջ եւ ընտանեկան սեղանի շուրջ ։ Սոյն ճաշին ընթացքին պիտի կատարուի գեղարուեստական յայտագիր մը եւ պիտի հրամցուի հաճելի անակնկալներ մեծերուն եւ փոքրերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.