2010-01-03 13:37:42

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, յունուար 3, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Նոր տարւոյն այս առաջին կիրակին, ուրաշ եմ ձփզ ընդունելու սիրեցեալ ուխտաւորներ։ Ծննդեան այս շրջանը մենք կանչուած ենք շնորհակալութիւն յայտնելեու Աստուծոյ որովհետեւ Քրիստոս` Աստուծոյ մարդացեալ Իմաստութիւնը, եկաւ բնակելու մեր մէջ։ Ան եկաւ մուտք գործելու մեր պատմութեան մեզ լուսաւորելու եւ ուղղելու մեր ընթացքը։ Այսօր բազմաթիւ երկիրներ կը տօնեն Աստուածայայտնութիւնը, Փրկչին յայտնութիւնը բոլոր ազգերուն։ Մենք եւս, Սուրբ Կոյս մարիամի հետ ուշադիր ըլլանք նշաններուն որ Աստուած մեզի կու տայ իր ներկայութեամբ մեր կեանքին մէջ ու մեր աշխարհի մէջ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին աւարտին բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի կիրակի եւ բարի 2010 տարին։

այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին առաքելական օրհնութիւնը։



Վատիկանեան տեղեկութիւննրեը։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւակցական հեռաէիրը ի լուր կարտինալ Գահալ Բրենտան Տելիի մահուան, վաստակաւոր առաջնորդը Արմաղ թեմին։

Ի լուր անոր մահուան Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցան հեռագիր մը յղած է Իրլանտայի քրիստոնեայ համայնքին, ուր ի յայտ կը դնէ հանգուցեալ կարտինալին նուիրումը Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ ու իրլանտայի հաւատացեալներուն։ Եղբայրասպան պատերազմի տարիներուն հանգուցեալ կարտինալը ոչ մէկ ջանք խնայեց հաշտեցնելու կաթողիկէ եւ բոպղոքական հաւատացեալները եւ զանոնք դըաւիրելու դարձի, հաշտութեան ու խաղաղութեան։

Միաժամանակ Սրբազան Հայրը իր աղօթքը կը բարձրացնէ Ամենաբարի Աստուծոյ որպէսզի իր հաւատարիմ ծառան ընդունի Արքայութեան մէջ։

Կարտինալ Գահալ Բրենտան Տելի ծնած էր Լուկուկիլ 1 հոկտեմբեր 1917ին։ 1941ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուէր։ 1967ին եպիսկոպոս կ'օծուէր։ 1991ին՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը անոր կը շնորհէր կարտինալական աստիճանը։

Թեմի առաջնորդարանը կը հաղորդէ որ հանգուցեալ կարտինալին թաղման կարգը պիտի կատարուի յառաջիկայ երեքշաբթի օրը, 5 Յունուար 2010ին, Արմաղի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Յայտնենք թէ կարտինալ Գահալ Բրենտան Տելիի մահով կարտինալական դասը կը հաշուէ 183 ծիրանաւոր, որոնցմէ 112ը՝ Քահանայապետ ընտրող են, եւ 71ը՝ ոչ ընտրող կարտինալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.