2010-01-03 13:38:21

ԼՈՒՐԵՐ քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն։


ԼՈՒՐԵՐ քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն։



Սփիւռքի մէջ 2010-ը կը յայտարարուի Մայրենի լեզուի տարի

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշեց որ Մայրենի լեզուի տարին պիտի մեկնարկի Սփիւռքի մէջ 2010 ի՝ Փետրուար 21-ին՝ եւ պիտի շարունակուի ամբողջ տարին։ Այդ առթիւ պիտի իրականացուին բազմաթիւ միջոցառումներ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու մէջ. որուն ծրագիրը տակաւին ամբողջութեամբ յստակ չէ։

Ըստ նախարարին՝ Սփիւռքի մէջ առաջնային կը համարուի մայրենի լեզուի իմացութեան եւ պահպանութեան հարցը։ Այդ ուղղութեամբ զգալի աշխատանքներ պէտք է իրականացուին։

Ընթացիկ տարուայ մէջ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան միջոցով Սփիւռքի շուրջ 50 կրթօճախներ ստացած են 16 հազ.456 ուսումնական, ուսումնամեթոտական, գեղարուեստական գրականութիւն, ուսումնաօժանդակ նիւթեր։ 2009-ին իրականացուած է Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստում, որուն մասնակցած են 13 երկիրներու հայկական կրթօճախներու ուսուցիչներ։ Առաջին անգամ դասընթացներու մէջ ընդգրկուած են Թուրքիայէն եւ Արժանթինէն մանկավարժներ։

Հ. Յակոբեան նշեց, որ 2010-ին Հայաստանէն մասնագէտներ պիտի ուղարկուին լատինամերիկեան երկիրներ, Աւստրալիա եւ Ռուսիա, տեղւոյն ուսուցիչներուն վերապատրաստելու նպատակով։ 2009ին քոյր դպրոցներ դարձած են Սփիւռքի եւ հայաստանեան կրթօճախներ։

Արդէն նման կապեր ստեղծուած են Թիֆլիսի թիւ 104, 131 եւ Երեւանի թիւ 20, 198, Գիւմրիի թիւ 5, Մարսէյլի Համազգային վարժարանի ու Եղեգնաձորի թիւ 2 միջնակարգ դպրոցներու միջեւ։

Ընթացքի մէջ է Արցախի մէջ, ֆրանսերէնի եւ գերմաներէնի ուսուցման ծրագրեր իրականացնող՝ դպրոցներու եղբայրացումը։


ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԵՐԿՈՒ ՄՕՏ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ԵՐԿՈՒ ՀԵՌՈՒ ՀԱՐԵՒԱՆ ԳԻՐՔԻ ՀԱՅԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարեւան գիրքին հայերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը՝ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ։ Այս գիրքը թրքերէնով առաջին անգամ լոյս տեսած է 2008 թուականին։
Հրանդ Տինք գիրքին մէջ արտայայտած է իր անձնական կարծիքը, մտորումները հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին եւ ներկայացուցած է Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ապագայ կառուցելու եւ անցեալը նորոգելու նոր մօտեցում։
Կը յիշեմ անոր տեսակէտը, թէ ցեղասպանութիւնը այնպիսի բաց վէրք մը ձգած է հայ ժողովուրդի սրտին վրայ, որ երբեք չի կրնար փակուիլ։ Ան կառաջարկէր, որ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, քանի որ միայն ճանչնալով ու զայն դատապարտելով կարելի պիտի ըլլայ յարաբերութիւնները զարգացնել։ Եւ ան այս միտքը արտայայտած է 2003-2004 թուականներուն, երբ գրեթէ չէր խօսուեր հայ-թրքական ենթադրելի յարաբերութիւններուն մասին։ Անոր խիզախութիւնը եւ ապագայի նկատմամբ լաւատեսութիւնը ամփոփուած է այս գիրքին մէջ, ըսաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ տարիներ առաջ բախտ ունեցած է Տինքի դասախօսութիւններէն մէկուն ունկնդիրը ըլլալու։
Հրանդ Տինք ունեցած է հայաստանցի բազմաթիւ ընկերներ, որոնք ջերմ յիշողութիւններ ունին անոր մասին։ Անոնցմէ քաղաքագէտ Ալեքսանտր Իսկանտարեան ըսաւ, թէ Տինք մեզի համար պէտք չէ ըլլայ զուտ յուշարձան մը, որուն միայն կը յիշեն եւ կը յարգեն, այլ պէտք է կարդալ ու ծանօթանալ անոր գաղափարներուն ու մտորումներուն։

Յունաստան - Կոմիտաս՝ յաւերժի ճամբորդը համերգ-ներկայացումը։
Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 140-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Աթէնքի Ֆիլիփոս Նաքաս երաժշտանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտաս՝ յաւերժի ճամբորդը նիւթով պատրաստուած համերգ-ներկայացումը՝ մասնակցութեամբ Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած Անտունի խումբին։
Կոմիտաս՝ յաւերժի ճամբորդը թատերականացուած ներկայացում մըն է՝ նուիրուած քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակին, որ արժանացած է 1700-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի գրաւոր գնահատանքին։
Սոյն համերգային ներկայացումը կը պատկերացնէր հայ երգի հանճար, վարպետ եւ անզուգական երգահան Մեծն Կոմիտաս վարդապետի կեանքը իր խոհերու եւ մտածումներու աշխարհին մէջ, որ կը սկսի Փարիզի Վիլ Ժուիֆ հոգեբուժարանէն, ուր կէս խելագար վիճակով Կոմիտաս ապրեցաւ իր կեանքի վերջին 20 տարիները, մինչեւ իր վախճանումը։







All the contents on this site are copyrighted ©.