2010-01-03 14:00:49

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՀԱՐՈՒՍՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՄԻՆ։


ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՀԱՐՈՒՍՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՄԻՆ։

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Եիպտոսի թեմը աւելի Պատրիարքարան է, քան թեմ, որովհետեւ անիկա միակն է Ափրիկէի։ Ըստ թեմի առաջնորդ, Աշոտ եպս. Մնացականեանի, ներկայիս Գահիրէի եւ Աղեքսանտրիոյ մէջ շուրջ 3 հազար հայեր կը բնակին ։ Հայեր կան՝ Սուտանի, Եւթովպիոյ եւ Հարաւ-ափրիկեան հանրապետութիւններուն մէջ։ Եւթովպական համայնքի կազմութեան պատմութիւնը հետաքրքրական է։ Եւթովպիայի նախկին Թագաւոր Հայլէ Սելասսիէ առիթով մը լսած է հայ որբ երեխաներու երգչախումբի կատարումը եւ զանոնք տեղափոխած է Թուրքիայէն՝ Ատիս Ապեպա։ Բոլորին տուած է կրթութիւն, աշխատանք եւ ապաստան։ Այդ որբերն ալ դարձած են համայնքի հիմքը, ուր այժմ 100 հոգի կայ։ Մօտաւորապէս նոյնքան հայեր կան՝ Սուտանի եւ Հարաւ-ափրիկեան Հանրապետութեան մէջ( ըսած է Մնացականեան Սրբազանը) ։ Ան նաեւ ընդծած է, որ Եգիպտոսի հայ համայնքը արձանագրուած է իբրեւ կրօնական փոքրամասնութիւն, առանց որեւէ սահմանափակումներու։ ՝՝Օրինակ, երկրի հիմնական քրիստոնէական բնակչութիւնը կազմող ղըպտիներու հանդէպ վերաբերմունքը տարբեր է եւ անոնց թոյլ չեն տար առաջ երթալ ծառայողական աստիճանով։ Անոնք կրնան որոշ պետական պաշտօններու հաս-նիլ, սակայն որոշ սահմաններ կան, որոնցմէ անդին անոնք չեն կրնար անցնիլ։ Միայն հայ համայնքը ունի կրօնական փոքրամասնութեան կարգավիճակ, իսկ Եգիպտոսի հայկական եկեղեցին աշխարհի ամենահարուստներէն է՝՝ (նշած է առաջնորդը)։



Եպիսկոպոս Մնացականեան յիշած է նաեւ, որ Եգիպտոսի առաջին վարչապետն ու արտաքին ործոց նախարարը եղած է Պօղոս Նուպար փաշան։ Նուպար փաշայի աւանդը (որ ղարաբաղցի էր) Եգիպտոսի առջեւ նշուած է երկրի բարձրագոյն պարգեւներով, պատուաւոր տիտղոսներով, փողոցներ անոր անունով անուանակոչուած են Գահիրէի եւ Աղեքսանտրիոյ մէջ (ըսած է առաջնորդը ու աւելցուցած) ՝՝Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչներու եւ աւանդական հայկական կուսակցութիւններու հետ յարաբերութիւնները շատ բնական են՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.