2010-01-02 12:54:52

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ոչ եւս է կարտինալ Գահալ Բրենտան Տելի, վաստակաւոր առաջնորդը Արմաղ թեմին։


Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ոչ եւս է կարտինալ Գահալ Բրենտան Տելի, վաստակաւոր առաջնորդը Արմաղ թեմին։

Կարտինալ Գահալ Բրենտան Տելի ծնած էր Լուկուկիլ՝ մէկ հոկտեմբեր 1917ին։ 1941ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուէր եւ 1967ին եպիսկոպոս կ'օծուէր։ 1991ին՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը անոր կը շնորհէր կարտինալական աստիճանը։

Թեմի առաջնորդարանը կը հաղորդէ որ հանգուցեալ կարտինալին թաղման կարգը պիտի կատարուի յառաջիկայ երեքշաբթի օրը, 5 Յունուար 2010ին, Արմաղի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Յայտնենք թէ կարտինալ Գահալ Բրենտան Տելիի մահով կարտինալական դասը ներկայիս կը հաշուէ 183 ծիրանաւոր, որոնցմէ 112ը՝ Քահանայապետ ընտրող են, եւ 71ը՝ ոչ ընտրող կարտինալներ։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.