2010-01-02 12:43:14

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԱՅՑԵԼԷ ԵՐԿՐԻ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐԸ։
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթով Հայաստանի նախագահ, եւ Հայաստանի Զինուած ուժերու Գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան այցելած է երկրի պաշտպանական դիրքեր: Սերժ Սարգսեան նախ այցելած է սահմանամերձ Այգեհովիտ Գիւղը, հետաքրքրուած սահմանամերձ բնակավայրերու խնդիրներով: Այգեհովիտցիներու հետ հանդիպման ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ սահմանամերձ բնակավայրերն ու անոնց բնակիչները երկրի սահմաններու բնական պաշտպաններն են եւ պիտի շարունակեն արժանանալ պետութեան յատուկ ուշադրութեան: Զինուած ուժերու Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը այնուհետեւ այցելած է պաշտպանական դիրքեր, ծառայութեան ընթացքին իրենց պարտաճանաչութեամբ, խիզախութեամբ եւ անձնուիրութեամբ ուշադրութիւն գրաւող տասնեակ մը զինուորները Սերժ Սարգսեան պարգեւատրած է ժամացոյցներով: Նախագահը շնորհաւորած եւ բարեմաղթանքներ յղած է բանակի բոլոր զինուորներուն՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու կապակցութեամբ, շնորհակալութիւն յայտնած անոնց անձնուէր ծառայութեան համար:Պաշտպանական դիրքեր այցելութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեանին ուղեկցած են Պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեանը, Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդ Նաւասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյեանը եւ գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեանը::
ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ՏՕՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԿԸ ՏԵՒԷ ՄԻՆՉԵՒ 13 ՈՒՆՈՒԱՐԻ ՈՒՇ ԳԻՇԵՐ։
Երեւանի մէջ Ամանորեայ միջոցառումները կը տեւեն մինչեւ Յունուար 13-ի ուշ գիշեր: Երեւանի քաղաքպետարանի կողմէ կազմակեպուած ամանորեայ միջոցառումներու ծիրէն ներս դեկտեմբեր 29-էն մինչև Յունուար 14-ը Հանրապետութեան Հրապարակի վրայ կը գործեն մանկական զուարճախաղեր , տեղադրուած են լուսաւորուած հեքեաթային տնակներ։ Տօնական միջոցառումներու համար տեղադրուած է նաեւ բեմահարթակ։


ԿԱԼԿԱԹԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԿԱՅՑԵԼԵՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԵՐԱՆՈՑԸ։

Նոր Տարուան առիթով՝ Հնդկաստանի հայոց հոգեւոր հովիւ, Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Հայր Խորէն Յովհաննիսեան, ճեմարանի խումբ մը սաներուն հետ միասին այցելած է Կալկաթայի հայկական ծերանոց, որ ունի 13 բնակիչներ ։ Ճեմարանականները իրենց զուարթ երգերով ուրախացուցած են տարեցները՝ անոնց յանձնելով նուէրներ, իսկ Հայր Խորէնը շնորհաւորած է զանոնք եւ հաւաստիացուցած,, որ «ես՝ ոչ միայն իբրեւ Հնդկաստանի հայոց հոգեւոր հովիւ, այլ իբրեւ զաւակ, միշտ ձեր կողքին պիտի ըլլամ»։

ԱՌԱՋԱՏԱՐ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ՝՝ՆԱՐԵԿ ԵՒ ՄԻԼԵՆԱ՝՝ ։ Հայաստանի մէջ 2008 տարուայ ընթացքին նորածիններու տրուած անուններու մեջ առաջնութիւնը կը պատկանի Միլենա եւ Նարեկ անուններուն: Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է «Հայաստանի կանայք եւ տղամարդիկ-2009» զեկոյցը, ուր առանձին գլուխ մը նուիրուած է երեխաներու տրուած անուններուն : 2008թ. Հայաստանի մէջ ծնած են 19.104 աղջիկ, որոնցմէ 817-ին տրուած է Միլենա օտարահունչ անունը(իտալական կրնանք ըսել) , եւ 22.081 մանչուկներ որոնցմէ 1.012-ին տրուած է Նարեկ անունը: Յատկանշական է, որ աղջիկներուն յաճախ տրուած անուններու մեջ շատ են օտարազգի անունները, իսկ մանչերու տրուող անուններու մեջ օտար անունները բաւական ցած տոկոս կը ներկայացնեն ։ Աղջիկներու տրուող անուններու առաջին տասնեակը՝ Միլենա (817), Էլեն (763), Անի (710), Անահիտ (604), Մարիամ (530), Աննա (514), Մերի (433), Մանե (425), Լիլիթ (396) եւ Նարե (372): Մանչերու տրուող անուններու առաջին տասնեակը՝ Նարեկ (1012), Դավիթ (912), Էրիկ (736), Հայկ (664), Արման (596), Գոռ (562), Արթուր (516), Տիգրան (496), Սամվել (492), Արմեն (471):







All the contents on this site are copyrighted ©.