2010-01-01 12:09:25

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Սրբազան Քահանայապետին Յունուար ամսուայ աղօթքի ընդհանուր եւ միսիոնարական դիտաւորութիւնները


Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Սրբազան Քահանայապետին Յունուար ամսուայ աղօթքի ընդհանուր եւ միսիոնարական դիտաւորութիւնները

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2010 ի Յունուար ամսուան համար քրիստոնեայ աշխարհէն կը խնդրէ աղօթել.

- որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն. որպէսզի նոր սերունդը գիտնայ շահագործել ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները, իրենց անհատական աճումին համար եւ լաւագոյնս պատրաստուելու ընկերութեան ծառայելու համար։

- որպէս միսիոնարական դիտաւորութիւն, որպէսզի Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալները գիտնան քրիստոնեաներու միութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէս լաւագոյն վկայութիւն Աւետարանի ու նախապայման անոր տարածումին։



''Սիրոյ գանձերը''

Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը՝ Յիուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմբարտի կ՝անդրադառնայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կատարած ճաշ այցելութեան Սանդ Էճիտիոյի հասարակութեան աղքատներուն եւ փախստականներուն։

''Սիրոյ գանձերը'' վերտառութեամբ, Ռատիովատիկանի տնօրէնը Յիուսեան Հայր Լոմբարտի, կ՝անդրադառնայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կատարած ճաշ այցելութեան Սանդ Էճիտիոյի հասարակութեան աղքատներուն եւ փախստականներուն եւ կը գրէ. ՜՜Լաուրենցօ նահատակ սարկաւագը, որմէ հալածիչները կը պահանջէին ցոյց տալ Հռոմի Եկեղեցւոյ գանձերը, ամենայն պարզութեամբ ցոյց կու տար իր աղքատները, որոնց կը ծառայէր ըսելով. ''Ասոնք են մեր գանձը''։

Սրբազան Հայրը անցեալ շաբաթ յիշեցուց այս միջադէպքը, այցելութիւն տալով՝ Սանդ Էճիտոյի հասարակութեան աղքատներուն ու գաղթականներուն, որոնց հետ ճաշի սեղանակից էր։ Սրբազան Հայրը երջանիկ էր աղքատներու, փախստականներու եւ գնչուներու հետ պահ մը անցնելուն համար ։

Մեծ գորովով կը շոյէր մանուկները։ Ոմանց համար Սրբազան Քահանայապետին ճաշ- այցելութիւնը համազօր էր հրաշքի մը, Նորին Սրբութիւնը լսելով անոնց արտայայտութիւնը պատասխանեց՜՜ ճշմարիտ հրաշքը կը կայանայ զանազան անհատներու միասին գտնուելուն ու խօսակցելուն մէջ, անոնք իրար զիրար կը հասկնան շնորհիւ սիրոյ միակ լեզուին՝՝։ Եւ չեմ մոռնար, կը գրէ հայր Լոմբարտին, Սրբազան Հօր այցելութիւնը օրհաս հիւանդներուն, ուր ոմանց յուզումն ու ուրախութեան արցունքը Սրբազան Հօր աղօթքին եւ օրհնութեան կը խառնուէր։ Հուսկ՝ Հայր Լոմբարտին կը յայտնէ. Սրբազան Քահանայապետին կատարելիք այցելութիւնը Գարիթասի աղքատներուն, որ կը գտնուի Հռոմի կեդրոնական կայարանին մօտ, հանդիպումի այլ հանգրուան մը քրիստոնեայ համայնքի ''գանձերուն հետ''։

Հայր Լոմբարտին իր խորհրդածութիւնը կ'եզրափակէ շնորհակալութեան հետեւեալ արտայայտութեամբ. ՜՜Շնորհակալ ենք Սրբազան Հայր որ կը միացնէք ձեր բարձրորակ հովուութիւնն ու ուսուցումը այս ինքնաբուխ պարզ եւ պերճախօս ծրագիրներուն՝՝։

Արդարեւ Սրբազան հայրը իր Քահանայապետութեան սկիզբը ըսած էր մեզի թէ ՜՜Աստուած սէր է՝՝։ Շնորհակալ ենք Սրբազան հայր որովհետեւ կ'օգնէք մեզի տեսնելու եւ շօշափելու զԱստուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.