2010-01-01 12:10:36

Պոլսոյ Յոյն –Օրթոտոքս Պարթոլոմէոս Տիեզերական Պատրիարքի Արտայայտութիւնները Կը Շարունակեն Տեղի Տալ Բանավէճերու։


Պոլսոյ Յոյն –Օրթոտոքս Պարթոլոմէոս Տիեզերական Պատրիարքի Արտայայտութիւնները Կը Շարունակեն Տեղի Տալ Բանավէճերու։

ՊՈԼԻՍ(Մարմարա Օրաթերթ) ։ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքէն ներս օրերէ ի վեր յանկերգի վերածուած եւ վիճաբանութեան նիւթ դարձած յոյներու Պարթոլոմէոս պատրիարքի կողմէ ըսուած « մենք մեզ խաչ հանուած կը զգանք» արտայայտութիւնը դարձեալ օրակարագի վրայ էր Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24ին, երբ պատրիարքը դարձեալ յայտարարեց, թէ երկրին մէջ կացութիւնը այնպէս է, որ «մենք առանց թթուածինի ենք ու պատրիարաքարանը կը մահանայ», ինչ որ հաւանաբար յաւելեալ թթուածին պիտի թափէ թրքական զայրոյթին վրայ: Ան աւելցուց, թէ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» կայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցը հրապարակուելու համար չէր կատարուած եւ թրքական մամուլը պէտք եղածէն աւելի շեշտ դրած էր «խաչուելու» մասին իր արտայայտութեան վրայ: Պատրիարքը յիշեցուց, թէ Թուրքիա տակաւին չարտօներ, որ իր հողին վրայ կրօնաւորներ պատրաստուին, որու հետեւանքով Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին չի կրնար հոգեւորականներու նոր սերունդ ապահովել: Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1971ին փակած էր յոյներու դպրեվանքը: 23 Դեկտեմբերին պատրիարքարանը այս մասին նաեւ գրաւոր յայտարարութիւն մը ըրած է, յայտնելով, որ Պարթոլոմէոս պատրիարք թուրք մամլոյ ներկայացուցիչներուն կատարած իր սովորական յայտարարութիւններէն տարբեր ոճ չէ գործածած «Սի.Պի.Էս.» կայանին իր հարցազրոյցին մէջ, Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ անարգական արտայայտութիւն չէ ունեցած, այլ պարզապէս ուզած է անդրադառնալ կարգ մը անիրաւութիւններու, որոնք Թուրքիոյ մէջ կը գործադրուին փոքրամասնութիւններու դէմ։

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Որպէս կրօնապետ մը, որ պատրիարքարանի եւ յոյն համայնքի տասնեակ տարիներէ ի վեր դիմագրաւած բազում հարցերն ու անիրաւութիւնները արտայայտելու պարտականութիւնն ունի, այս հարցազրոյցի ընթացքին եւս, յոյներու Պատրիարքը իրատեսութեամբ եւ զգուշաւոր ոճով արտայայտած է իր գաղափարները։ «Խաչը հանուիլ» ասութիւնն ալ այս հարցերու պատճառած տառապանքի եւ սրտնեղութիւններու դրսեւորումն է։ Բոլոր լեզուներու մէջ նմանօրինակ արտայայտութիւններ գոյութիւն ունին եւ կը մեկնաբանուին ո՛չ թէ բառական իմաստով, այլ այդ լեզուին իւրայատուկ իմաստով։ Պատրիարք հօր նպատակը չէ՛ եղած այս բառերու գործածութեամբ գանգատիլ կառավարութենէն։  Նեղութիւններն ու գանգատները առանց քօղարկելու արտայայտելու դրութիւնը ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքն է։ Այս սկզբունքը ընդունելի է բոլոր ողջախոհ եւ բարեացակամ մարդոց կողմէ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.