2010-01-01 12:09:12

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Պատարագը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ,


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Ուրբաթ` Մէկ Յունուար 2010, տօն Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի, եւ խաղաղութեան համաշխարհային 43րդ օր, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Պատարագ կը մատուցէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, ներկայութեամբ՝ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն։ Խաղաղութեան համաշխարհային 43րդ օրուան նիւթն է. ''Եթէ կ'ուզես մշակել խաղաղութիւնը, պահպանէ արարչագործութիւնը''։

Սրբազան Քահանայապետին հետ կը համապատարագեն. Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ, Արդարութեան եւ Խաղաղութեան Քահանայապետական խորհուրդի վաստակաւոր նախագահը` կարտինալ Ռենադօ Մարթինօ, Վատիկանի ներքին գործոց նախարարը` գերապայծառ ֆիլոնի եւ Ս. Աթոռի արտգործ նախարարը` գերապայծառ Մանպերթի։

Իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Աստուծոյ ներկայութեան մարդկութեան պատմութեան մէջ, եւ ամէն անհատի պարտականութիւնը` պաշտպանելու ու պահպանելու արարչագործութիւնը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ որպէսզի բոլոր ծնողները դաստիարակեն իրենց փոքրերը յարգելու ուրիշները, նոյնիսկ երբ մանուկը մեզմէ տարբեր է։ Յաճախ այդ փոքրերը նոյն դասարանի մէջ կը գտնուին, կը բաժնեն նոյն փորձարութիւնը, անոնց դէմքերը պատկերն են մարդկութեան որ կանչուած է կազմելու ընտանիքը մարդկային ազգին։ Մանուկները ներշնչարանն են անուշութեան, գաղցրութեան, անմեղութեան ու եղբայրակցութեան։ Հակառակ իրենց տարբերութիւններու նոյն ձեւով կու լան ու կը ժպտին, հեշտութեամբ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնեն ու իրարու հետ կը խաղաղն։ Մանուկներու դիմագիցը ցոլքն է Աստուծոյ դէմքին աշխարհի վրայ։ Հետեւաբար հարց տուաւ Սրբազան Հայրը, Ի՞նչու մարել անոնց ժպիտը, ի՞նչու թունաւորել անոնց սրտերը։ Դժբախտաբար Գթութեան Աստուածամօր պատկերը կը գտնէ անոր հակապատկերը այն դժբախտ բազմաթիւ մանուկներու դէմքերուն մէջ, որոնք կը կրեն սով, հիւանդութիւն, պատերազմ, բռնութիւն ու պարտադիր գաղթը։ Այդ անմեղ մանուկներու տխուր դէմքը լռելեայն կոչ մըն է մեր պատասխաբնատուութեան։ Մենք կանչուած ենք դարձի գալու հետապնդելով խաղաղութիւնը, ապազինումը եւ միասնաբար կերտելու մարդու արժանավայել աշխարհի մը։

Պատարագին աւարտին, Կէսօրին, Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի պատշգամէն Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց Ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Ամանորի այս առաջին օրը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ուրախ եմ ձեզ ողջունելու. դուք որ հոս հաւաքուած էք եւ բոլոր անոնց որոնք մեզի կը հետեւին հաղորդակցութեան միջոցներով։ Այսօր կը յիշատակենք տօնը Ս. Կոյս Մարիամ` Աստուծոյ Մայրը։ Բոլոր կիներու մէջ ամենօրհնեալը, իր մայրական ծոցին մէջ ընդունելով Միածին Որդին, մեզի կարելիութիւն տուաւ ճանչնալու մեր Աստուծոյ սիրոյ դիմագիծը։

Խաղաղութեան համաշխարհային աղօթքի օրուան առթիւ, թողՄարիամ, Աստուածածինը, ըլլայ մեզի բոլորիս համար Մայրը որ կ'առաջնորդէ մեզ դէպի ճանապարհը հաշտութեան ու եղբայրակցութեան։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի եւ սուրբ տարի մը։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.