2010-01-01 12:09:37

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերուն


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերուն
Թիրախը՝ մամլոյ ներկայացուցիչներն են
Ըստ լրագրողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կոմիտէի հերթական զեկոյցի տուեալներու, որ հրապարակուեցան Նիւ Եորքի մէջ, 2009ի թուականին սպաննուեցան մամլոյ 68 աշխատակիցներ, թիւ՝ որ 60%ով կը գերազանցէ անցած տարուան ցուցանիշը։ Տխուր ցանկի առաջին տեղը կը գրաւէ Ֆիլիփինը, ուր այս տարուան ընթացքին սպաննուեցաւ լրատուամիջոցներու 30 աշխատակից։ Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Փաքիստանը, ուր յարձակման զոհ դարձած են չորս լրագրողներ, մինչ երրորդ տեղը կը գտնուի Ռուսաստանը, ուր զոհուած է 3 լրագրող։ Մամլոյ ներկայացուցիչներու սպանութիւններ արձանագրուած են նաեւ Աֆղանիստանի, Մեքսիքոյի, Շրի-Լանքայի, Գոլոմպիայի, Պաղեստինի եւ Վենէզուէլայի մէջ։
2009ին Հայաստանի մէջ թէեւ չեն արձանագրուած լրատուամիջոցներու աշխատակիցներու սպանութեան դէպքեր, սակայն մեր երկրէն ներս ալ կարելի չէ անտեսել ճնշումներու, ահաբեկումներու, բռնութիւններու եւ խօսքի ազատութեան դէմ կայացած մթնոլորտը տուեալ բնագաւառէն ներս։
ԹՐՔԱԿԱՆ Milliyet Օրաթերթի թղթակիցը կը գրէ ՝՝Գիտակցութեան սահմանները բանալը ՝ հայ-թրքական սահմաններու բացման չափ կարեւոր է։ Դեկտեմբեր 17-20-ը Երեւանում գտնված թուրքական առաջատար լրատու-միջոցներու ներկայացուցիչներէն թրքական Milliyet-ի թղթակից Քատրի Կիւրսելը իր հրապարակումներից մեկում անդրադարձել է Երեւանում իրենց կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան այցին եւ այնտեղ ծաղիկներ դնելուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.