2009-12-31 13:25:52

Տօնական օրերու մաղթանքներ


Տօնական օրերու մաղթանքներ

Ամէն տարի, տօնական այս օրերուն, մարդոց կէսը միւս կէսին մաղթանքներ կ'ուղղէ կամ միւս կէսէն մաղթանքներ կը ստանայ։
Ազգականներ, բարեկամներ, գործակիցներ կամ պարզ ծանօթներ, իրարու մաղթանքներ փոխանակելու համար, կողողեն նամակատուները եւ կը ջանան շտապ իրենց մաղթանքները ղրկել։
Հինէն ի վեր սովորութիւն դարձած աւանդութիւն մըն է ասիկա, որ ցոյց կու տայ մարդ էակին բարեացակամութիւնն ու անկեղծ բարեմաղթութիւնը։ Եւ բարին մաղթելու մեր այդ տրամադրութիւնը փաստելու համար, պարք կը համարենք իր ժամանակին ղրկելու մեր մաղթանքները հոն, ուր անհրաժեշտ է։
Սակայն, ինչպէս գիտենք, երբեմն անկարելի կ'ըլլայ հաւատարիմ մնալ մեր անձին եւ պահպանել աւանդութիւնը, առանց որ ուզենք վրդովմունքի կամ յուսալքութեան մատնել մեզի հարազատ կամ ծանօթ այն անձերը, որոնք նման երեւոյթներուն բացառիկ նշանակութիւն կուտան։
Հետեւաբար, ջանանք ոչ մէկը մոռնալ եւ անպայման յարգել աւանդութիւնը։
Ծննդեան եւ Ամանօրեայ տօնական օրերուն իրարու տրուող աւանդական փոխադարձ այցելութիւններրը, այսօր, դժբախտաբար, անցեալի նման այնքան ալ հարկաւոր չեն նկատուիր։ Կ'այցելենք մեծ հայրիկին, մեծ մայրիկին ու մեր ամենամօտիկ ազգականին միայն։ Ամենայնդէպս՝ տօնական նոյն օրը բոլորին շտապ այցելելը անհրաժեշտ չէ։ Կրնանք յաջորդ քանի մը օրերուն ալ կատարել մեր պարտականութիւնները։
Գալով շնորհաւորական քարթերուն, անոնք թէեւ անցեալին բաղդատած աւելի պարզ են, սակայն այսօր աւելի գեղեցիկ ու տպաւորիչ են։
Ծննդեան եւ Ամանօրեայ քարթերու անսահման հաւաքածոներ կան, որոնք մեծ մասամբ նկարչական դասական գործերու ընդօրինակութիւններ են։ Եթէ նման քարթեր ղրկել կը նախընտրենք, հարկ է ուշադիր ըլլանք, որպէսզի մեր ուղարկած քարթը օրինակ՝ ազգականին, բարեկամին, ամուսնացած ամոլին, արուեստագէտին կամ գիտնականին ընտրենք տուեալ անձին ու նկարագրին համապատասխանող քարթերու հաւաքածոներէն։
Քարթերու ներքնամասը տպագրուած բարեմաղթանքներուն տակ, մեր զգացումներուն եւ մղումին համապատասխան, կրնանք ձեռագիր մէկ կամ երկու նախադասութիւններ աւելցնել եւ ստորագրել։
Անոնք, որոնք այդ ձեւի քարթերը չեն նախընտրեր, կրնան քանի մը բառով իրենց այցեքարթը ղրկել, կամ՝ պարզ նամակ մը գրել։ Երկար ալ գրելու հարկ չկայ։ Առողջութեան, երջանկութեան բարեմաղթութիւններ արտայայտող քանի մը նախադասութիւններ բաւական են։ Ամենայնդէպս, ընկերային վարուելակերպի որոշ կանոններ են ասոնք եւ հարկ է, որ յիշեցուին ու յարգուին։
Աշխատաւոր մը մաղթանքներ կ'ուղղէ իր գործատէրին, աշակերտը իր ուսուցիչին, ամուրի մը ամուսնացած ամոլին, երիտասարդը իր բարեկամուհիին, բարեկամը իր բարեկամին եւ ծանօթը իր ծանօթին։ Ընկերային ձեւակերպութիւնը ա՛յս կը պահանջէ։
Մեր մէկ հիւանդ ազգականին, բարեկամին կամ ծանօթին փոխանակ շնորհաւորական քարթ մը ղրկելու, նախընտրելի է անուշեղէն կամ ծաղիկներ ղրկել եւ մեր ջերմ ու անկեղծ արտայայտութեամբ շուտափոյթ ապաքինում մաղթել եւ բարեմաղթանքներ կատարել։
Գալով անոնց, որոնց տօնական օրերուն բարեմաղթութիւն արտայայտելու կամ շնորհաւորական քարթ մը ղրկելու կը զլանանք, կամ՝ կը մոռնանք, պարտինք առաջին առիթով՝ անոնց ներողամտութիւնը խնդրելով՝ մեր բարեմաղթանքները արտայայտել։
Անհրաժեշտ է, նաեւ, շնորհակալութիւն յայտնելով՝ փոխադարձել բոլոր անոնց, որոնք տօնական այս օրերուն, քարթ ղրկելով մեզի, իրենց բարեմաղթութիւնները արտայայտած են։

Հայու Նոր Տարի
Վաղն առաւօտ՝ մթնշաղին,
Այգուն երգն երգելով, ջրի գացէք.
Նոր տարիին, աղբիւրներէն ակնթարթ մը,
Ոսկի է որ կը վազէ.
Սիամանթօ

Ժողովրդական տօներէն ամենէն սիրելին ամենէն գունագեղն ու ճաճանչագեղը Նոր Տարուան տօնն է, իր զարդերով, նուէրներով, երգերով , աւանդական բարքերով ու սովորութիւններով։
Եկէք այսօր միասին, երեւակայութեամբ ճամբորդենք Ջաւախք եւ տեսնենք թէ Ջաւախքի հայերը ինչպէս կը դիմաւորէին Նոր Տարին որպէսզի ան ըլլար շնորհաւոր եւ բարի տարի մը։ Ձմեռ է. սաստկաշունչ ձմեռ.
Ձիւնը պատած է սար ու ձոր, դաշտ ու արօտ։ Գիւղին եկեղեցւոյ գմբէթը միայն կը զանազանուի ցածլիկ տուներէն, որոնց բուխերիկներէն մխացող ծուխը կը խանգարէ ձիւնին միապաղաղ սպիտակութիւնը։ Հոս ու հոն, տղաք ու աղջիկներ ուրախ,անփոյթ, ձիւնագնդակ կը խաղան, կը գլտորին փափուկ ձիւնին վրայ։ Թաղին շունն ալ խանդոտ, կը միանայ անոնց խաղին։
Եկէք գաղտագողի, տան մը դռնէն ներս մտնենք եւ տեսնենք թէ ի՛նչպէս կանցընեն անոնք տօնական այս օրերը...։ Ընդարձակ սենեակին մէջ թոնիրը կը ճարճատի . կատուն կը մրափէ անոր մօտիկ։ Հոն են մեծ հայրը, մեծ մայրը հարսները, փեսաները, թոռներն ու ծոռերը։ Քաղցրութիւն մը, ցնծութիւն մը կայ մթնոլորտին մէջ։
Նոր տարուան նախորդ օրն է։ Փոքր հարսը առաւօտ կանուխ, սովորականէն աւելի հաց կը թխէ։ Մեծ մայրը մախոխապուր (թթուած ալիւրով, զանազան բանջարեղէններով եւ ձաւարով ապուր), ձէթով լիցք եւ յաջորդ օրուան համար ալ սիրքալի եւ լոբի կը պատրաստէ։ Մինչ ճաշը կեփի, ապլան (մեծ մայրը), մեծ հարսին հետ բաղաճ կը թխէ (իւղով եւ անիսոնով հաց)պատրաստելու համար Նոր Տարին-Քաթան։ Խմորէն կառնէ խոշոր գունդ մը եւ կաղօթէ. Երկնաւոր Թագաւոր, Դու խէրով բարով տարի ընես. դու ալեւորիս ու տղոցս, հարսներուս ու թոռներուս ,հեշտ, շատ տարիներու նէասիպ ընես. Մէկ ճար աղջկանս ալ մի բարի դուռ բանաս։ Յետոյ կոպէկնոց մը կը խրէ խմորին մէջ, ձեռքով նախշեր կընէ վրան, չամիչով ու ընկոյզով կը զարդարէ եւ ,Յիսուս Քրիստոս ըսելով, թոնրին շուրջը կը շարէ։ Մինչ ապլան, տարին կը պատրաստէ, հարսները տիկնիկներ եւ քսակներ կը շինեն խմորով , չամիչով - ընկոյզով կը զարդարեն եւ նշաններ կը դնեն անոնց վրայ հասկնալու համար թէ սա տիկնիկը ո՛ր հարսին է եւ սա քսակը ո՛ր փեսային։ Չեն մոռնար նաեւ իրենց կենդանիները։ Անոնց համար ալ նոյն խմորով նուէրներ կը պատրաստեն։ Հաւերուն, կովին, ոչխարին, տան ցորենին, խնոցի իւղին եւայլն։
Երեկոյեան, ամբողջ ընտանիքը կամաց - կամաց կը հաւաքուի թոնրին շուրջը ։ Սեղանը ծանրաբեռնուած կըլլայ ճաշերով, եօթ տեսակ պտուղներով. պտուղներուն մէջտեղը եօթ մոմեր, եօթ խորհուրդներու համրանքով։ Պապիկը կաղօթէ կօրհնէ սեղանը։ Աղօթքէն ետք, մեծ մայրը կը բանայ թոնրին բերանը, դուրս կը հանէ Տարին, ապա քսակները, տիկնիկները եւ կը բաժնէ իրենց տէրերուն. նախ մեծ հայրիկին, ապա մեծ որդիին, մեծ հարսին եւ այսպէս, աւագութեան շարքով՝ բոլորին։ Եթէ քսակները ուռած ըլլան կը նշանակէ թէ անոնց տէրերը պիտի հարստանան. եթէ ոչ...։ Եթէ տիկնիկը ուռած է կը նշանակէ թէ հարսը զաւակ պիտի ունենայ. եթէ ուռեցքը ցից վեր է, զաւակը մանչ պիտի ըլլայ ... եւ կերուխումը կը սկսի։
Գիւղին մէջ ամէն մարդ ամէնուն է այն գիշեր։ Բարեսէր մարդիկ աղքատներուն տանիքէն, կօշիկ, հագուստեղէն, կամ դրամ կը ձգեն գաղտագողի, որպէսզի , աջ ձեռքով տուածդ ձախը չիմանայ, իսկ շատակեր տղաք թելէ մը գուլպաներ անցուցած երդիքներէն վար կիջեցնեն եւ կաղանդչէք կուզեն երդիքէ- երդիք բոլոր գիւղէն։
Կը գիշերէ. մեծերը շուտով կը քնանան իսկ երիտասարդները կը սպասեն կէս գիշերուան, որ գետէն ջուր բերեն. որովհետեւ կը հաւատան որ այդ գիշեր գետը մէկ ժամ ոսկի կը հոսի։ Երբ կատուին բիբերը բոլորովին կլորցած են կը նշանակէ թէ արդէն կէս գիշեր է եւ բոլորը միասին կերթան դէպի գետ։ Մէկը կառնէ ակիշ մը, միւսը ջրաման մը, երրորդն ալ տան խաչերկաթը։ Աւագը հետը կառնէ ցորենով ու գարիով լեցուն աման մը, միւսներն ալ խոտի խուրձեր եւ աղմուկով երգ ու կատակով կերթան գետափ. կը նստին իրենց տարած խոտերուն վրայ եւ կը սպասեն թէ ե՞րբ գետը ոսկի պիտի հոսի...։ Երկար սպասելէ ետք աւագը բարձրաձայն կ՝ըսէ.
Քեզի կու տամ ցորեն գարի,
Դուն ալ ինծի տուր բարի,
Շնորհաւոր Նոր Տարի.
Եւ ամանին մէջի գարին ու ցորենը կը թափէ գետին մէջ։ Կը լեցնէ ամանը ջուրով եւ կը կանչէ. Տղաք քաշեցէք ոսկի լեցուեցաւ ու կը վազեն դէպի տուն, առանց ետեւ նայելու, որովհետեւ կը հաւատան, որ սատանաները իրենց ետեւն են ինկած եւ կը հալածեն որ ոսկին յափշտակեն։ Երբ տուն կը հասնին ջուրը կը պարպեն տեսնելու համար մէջը ոսկի կա ՞յ թէ ոչ։
Այս նոյն գիշերը տնեցիներէն մէկը կը բարձրանայ տանիք եւ աղօթելով խաչ մը կը տնկէ երդիքին վրայ որպէսզի խափանէ չարը. որովհետեւ խաչը չարխափան է ։ Տանիքէն վար իջնելով թոնրին խաչերկաթը կառնեն, կը պտտին անկիւնէ անկիւն հալածելու համար դեւն ու սատանան զօռն ու ցաւը եւ ապա դրան ետեւ կը դնեն։ Ուրիշ տեղեր, նոյն գիշերը երկանաքարը տանիք կը հանեն, պատանի մը կը դարձնէ երկանաքարը եւ կը ձայնէ։
Աղամ աղամ ի՞նչ աղամ
Վարէն կը պատասխանեն.
Ջարդն ու կոտորածը աղա
Գէշն ու չարը աղա
Յաջորդ առաւօտ նոր Տարի. Մեծ մայրը Տարիները կը դնէ ափսէի մը մէջ, վրան մեղր կը թափէ եւ ձեռքը գաւազան մը բռնած ուժով մը կը խփէ գետին եւ դուրս ելլելով կը դառնայ դէպի արեւելք եւ երեք անգամ կըսէ.
-Բախտ սարն ես թէ ձորն ես, արի տուն.
Տարիները կը պահէ իսկ մեղրը կը բաժնէ բոլորին, որպէսզի այդ տարին անուշութեամբ անցընեն։ Կը բոլորուին օճախին շուրջ, որդիները, հարսերը, թոռներն ու ծոռերը, աւագութեան շարքով կը համբուրեն մեծ մօր ու մեծ հօր ձեռքերը եւ կը շնորհաւորեն նոր տարին։ Մեծ մայրը նորահարսին ոսկի մը կը նուիրէ, իսկ միւսներուն միրգեր։ Տագրերն ալ նորահարսերուն նուէրներ կու տան, իսկ ամուսինները ամօթ կը համարեն. ոչ նուէր կու տան ոչ ալ կը շնորհաւորեն իրենց կողակիցները։
Այս արարողութենէն ետք, մեծ հայրը կը պատրաստուի դուրս ելլել. Կը բերէ ձին, կը կանգնեցնէ գոմին մէջտեղը. եթէ ձին ինքնաբերաբար աջ ոտքը բարձրացնէ տարին յաջողութեամբ կանցնի եւ մեծ ուրախութիւն է տան համար . իսկ եթէ ձախը բարձրացնէ...։ Հայրը եւ որդիները մէյ մէկ բաժակ օղի կը խմեն եւ դուրս կելլեն դրացիներն ու ազգականները շնորհաւորելու եւ ապա շիշ մը օղի առած, կերթան գիւղի քահանան շնորհաւորելու։
Երկու օր յետոյ, Յունուար 4-ին վերջապէս մեծ մայրիկը կը կտրէ Տարին, կը բաժնէ տնեցիներուն եւ որու բաժինէն որ կոպէկնոցը կամ ոսկիանակը ելլէ , ան կ'ըլլայ բախտաւորը, կամ անկէ պիտի գայ բախտաւորութիւնը։ Տարիէն բաժին կը հանեն նաեւ կենդանիներուն։
Այդ օրը բախտ փորձուկ ալ է։ Երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները Տարիէն մասեր կը դնեն կտուրները եւ կը դիտեն թէ ագռաւները կը փրցնե՞ն անոնցմէ կտոր մը եւ ո՞ր կողմը կը տանին... կը հաւատան որ այդ կողմէն պիտի գայ փեսացուն կամ հարսնցուն։
Յաջորդ օրը Յունուար 5. Հասած է արդէն Ս. Ծնունդ` Աստուածայայտնութիւնը։ Տարբեր բարքեր, տարբեր սովորութիւններ, նոր - նոր պատրաստութիւններ...
Այսպէս էր ուրեմն նոր տարուան տօնական օրերու պատկերը այդ հին ու լաւ օրերուն ։ Բնական է որ ժամանակը շատ բան փոխած է մեր կեանքէն ու ապրելակերպէն. տժգունած կամ անհետ կորսուած են բարքեր սովորութիւններ. փոխուած է մարդը ինքնին...Երէկը միշտ աւելի լաւ կը նկատուի քան այսօրը։ Բայց վստահ ենք որ ամէն մարդ, իր մտքին ու հոգիին մէկ անկիւնը, կը պահէ անցեալի լաւ օրերու ապրումներէն յիշատակներ, որոնք տօնական այս օրերու լոյսով կը վերարծարծին եւ հոգիները կը լեցուին սիրով, ներողամտութեամբ եւ հրճուանքով։
Եւ վերջացնելով մեր երեւակայական ճամբորդութիւնը, տօնական այս շէնշող օրերու առթիւ, կը մաղթենք որ ամէն հայու նոր տարին ըլլայ երջանկաբեր, ցնծալից եւ արեւշատ տարի մը։ Եւ կը կրկնեք մեծ մայրիկին հոգեւին աղօթքը. Երկնաւոր Թագաւոր, Դու այս Նոր Տարին բարով խէրով տարի ընես, ալեւորին ու տղոց, հարսներուն ու թոռներուն հեշտ, տարիներու նէասիպ ընես...։







All the contents on this site are copyrighted ©.