2009-12-31 14:28:42

Տիարպեքիրի փողոցներէն մէկը հայ գրողի անունով կոչուած է


Տիարպեքիրի փողոցներէն մէկը հայ գրողի անունով կոչուած է



Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքի ամէնէն մեծ քաղաքի՝ Տիարպեքիրի փողոցներէն մէկը թրքահայ գրող Մկրտիչ Մարկոսեանի անունով կոչուած է։ Ինչպէս կը գրէ հայկական Ակօս թերթը, այդ մասին որոշում ընդունած է քաղաքապետ Ապտալլա Տեմիրբաշը։ Փողոցի վերանուանման արարողութեան ներկայ գտնուած է նոյնինքն գրողը։ Յիշեցնենք, որ նախապէս , Պոլսոյ փողոցներէն մէկը անուանուած է Ակօս թերթի սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքի անունով։



Գուզկունճուքի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը վերադարձուի Թուրքիոյ հայութեան

Եւրոմիութեան անդամակցութեան բարեփոխումներու ծիրին մէջ Թուրքիոյ հայ համայնքին հաստատութիւններու վարիչները եկեղեցապատկան կամ համայնքապատկան բազմաթիւ կալուածներու կալուածաթուղթերը ետ ստանալու նպատակով դատեր բացած էին։ Գուզկունճուքի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան այս առթիւ հաղորդած է , թէ Թաղային խորհուրդը երկու տարուան տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ յաջողած է ետ ստանալ եկեղեցապատկան հասութաբեր կալուածի մը կալուածաթուղթ զոր յանձնած է Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ներկայացուցիչ մը։ Շէնքը, որուն ներքեւ կը գտնուէին վեց խանութներ, իսկ վերը՝ եկեղեցական բնակատեղի ու հաւաքասրահ, այլեւս պաշտօնապէս կը պատկանի Գուզկունճուքի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին։



Թրիփոլիի Ֆայհա երգչախումբի համերգը ՝ Պէյրութի մէջ

Կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2009-ին, Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի Ֆայհա երգչախումբի համերգը՝ խմբավարութեամբ Պարգեւ Թասլաքեանին։ Ձեռնարկը մաս կը կազմէր Ս Ծննդեան տօնին առիթով հոգեւոր երաժշտութեան Պէյրութի Բ փառատօնի նախաձեռնութիւններու շարքին։ Հաւաքին ներկայ էին հոգեւորականներ եւ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն ժամանած հոծ թիւով ներկաներ։

Համերգին ընթացքին երգչախումբը մեկնաբանեց հայերէն եւ արաբերէն երգեր, որոնց մէկ մասը նուիրուած էր Ս Ծնունդին։ Հայերէն երգերու ծիրին մէջ Ֆայհա երգչախումբը ներկայացուց Սուրբ-սուրբ, Խաղաղ գիշեր է, Սարերի հովին մեռնեմ եւ այլ երգեր։ Նշենք, որ երգչախումբին մաս կը կազմեն միայն քանի մը հայեր, մինչ մնացեալ անդամները տարբեր համայնքներու մաս կազմող երիտասարդներ են։

Համերգը փակուեցաւ կրօններու աղօթքներու միացեալ հաւաքածոյի մը ներկայացումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.