2009-12-31 12:50:55

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԱՏՈՒՅՑ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ։
Հայաստանի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, երէկ Եռաբլուր այցելեց եւ յարգանքի տուրք մատոյց հայրենիքի ազատութեան համար զոհուածներու յիշատակին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Հանրապետական Կուսակցութեան պատգամաւորներ եւ ուժային կառոյցներու ղեկավարներ։ Երբ նախագահը ժամանեց, բարձրաստիճան պաշտօնատարները դէպի Եռաբլուր Պանթէոն ուղղուեցան եւ ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ զետեղեցին Վազգէն Սարգսեանի ու Զօրավար Անդրանիկի շիրիմներուն, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան պատերազմին ընթացքին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող Յուշակոթողին վրայ։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այս առիթով յայտնեց, որ իրենք իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն իրենց բոլոր մարտական ընկերներուն, որոնց անձնուրացութեան եւ թափած արեան շնորհիւ կարելի եղաւ յաղթանակներ կերտել։ Նախարարը աւելցուց, որ իրենք ալ իբրեւ զինեալ ուժերու ղեկավարութիւն, ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի մարտական ընկերներու կիսատ ձգած գործը հասցնեն մինչեւ վերջ։ ՝՝Իսկ նախ եւ առաջ՝ այս պայմաններուն մէջ մենք կապահովենք խաղաղութիւն,եւ մարտական հերթապահութեամբ կը պաշտպանենք մեր սահմանները։ 2010 թուականին համար մեծագոյն փափաքս այն է, որ նորէն մեր գլխուն վրայ խաղաղ, կապոյտ երկինք ըլլայ, մեր պարտաւորութիւնն է զայն ապահովել՝՝ (ըսաւ Սէյրան Օհանեան)։
ՏԱՐԻՆ ԴԺՈՒԱՐ ԷՐ, ԲԱՅՑ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒԱԾ ԵՆ(ԿԸՍԷ ՎԱՉԷ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ) ։
Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան նախագահի տեղակալ Վաչէ Գաբրիէլեան երէկ ներկայացուց 2009-ի իրագործումները։ Գաբրիէլեան նշեց, որ տարին դժուար էր, բայց եւ այնպէս նշեց, որ դժուարութիւնները յաղթահարուած են։ Մարտահրաւէրները շատ լուրջ էին, տնտեսական տագնապի ազդեցութիւնները չեն յաղթահարուած։ Բազմաթիւ ընելիքներ կան, սակայն մենք լաւատեսօրէն կը նայինք ապագային՝ ելեւմտական առումով (ընդգծեց Վաչէ Գաբրիէլեան)։
ԱՐՄԷՆ ՍՄԲԱՏԵԱՆ՝ ԱՊՀ-Ի ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՏՆՕՐԷՆ։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեան ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սմբատեան վերջերս ընտրուած է ԱՊՀ-ի երկիրներու մարդասիրական համագործակցութեան միջ-պետական հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն։ Ան ընդգծեց, որ ասիկա առաջին պարագան է, որ Հայաստանի ներկայացուցիչը այդ կառոյցին մէջ կ՝ընտրուի այսպիսի բարձր պաշտօնի մը համար։ Այս հիմնադրամը ստեղծուած է անցեալ տարի եւ գրասենեակը Մոսկուա կը գտնուի։ Հիմնադրամի գործունէութեան նպատակն է աջակցիլ մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան, մարզական եւ երիտասարդութեան հարցերով համագործակցութեան ծրագիրներուն։ Ըստ Սամուէլ Ֆարմանեանի, Արմէն Սմբատեան տակաւին կը շարունակէ կատարել դեսպանի իր պարտականութիւնները, որովհետեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան տակաւին հրամանագիր չէ ստորագրած զինք պաշտօնէն ազատ կացուցելու առնչութեամբ։ Նախագահի բանբերը չմեկնաբանեց լուրերը այն մասին, որ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան պիտի նշանակուի Պիելոռուսիոյ մէջ Հայաստանի այժմու դեսպանը, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Օլեկ Եսայեան։
ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆԻ ԽՄԲԱԿԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՀԵՐՈՒ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻՆ։
Ֆրանսական ՝՝Լը Ֆիկարօ՝՝ օրաթերթը իր 11 դեկտեմբերի թիւով կը հաղորդէ, որ հայազգի գրագէտ եւ նացիական բռնագրաւումին դէմ ֆրանսական դիմադրութեան ղեկավարներէն Միսաք Մանուշեանի եւ անոր գլխաւորած խմբակին վերջին պահերու երեք լուսանկարները հրապարակուած են։ Մանուշեանի եւ Ֆրանսա գաղթածներէ բաղկացած իր խմբակի անդամներուն 21 փետրուար 1944-ին գնդակահարումը լուսանկարած է գերմանացի սպայ Քլեմընզ Ռիւթեր։ Ան այս նկարները մինչեւ 1985 իր մօտ պահած է, ապա փոխանցած է գերմանական Ֆրանց Շթոք կոմիտէին։ 2003-ին նկարները փոխանցուած են Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան լուսանկարներու հաստատութեան արխիւներուն, ուր կը թուի, թէ ոչ ոք անդրադարձած է անոնց փաստագրական արժէքին։
Սակայն քանի մը ամիս առաջ Ֆրանսայի հրեաներու զաւակներու եւ աղջիկներու ընկերակցութեան հիմնադիր Սերժ Քրասֆելտ իմացած է անոնց գոյութեան մասին եւ 15 դեկտեմբեր 1941-ի Մոն-Վալերիենի մէջ հռչակաւոր հաւաքական գնդակահարութեան 68-ամեակի նախօրեակին զանոնք հրապարակած է։
Trois clichés authentiques, pris clandestinement par un sous-officier allemand, ont été rendus publics cette semaine. Des images uniques prises au Mont Valérien, le 21 février 1944. Les derniers instants du groupe Manouchian։ /a>







All the contents on this site are copyrighted ©.