2009-12-30 13:11:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի 23 Դեկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Սրբազան Հայրը, իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց խօսելով Միջին դարու մեծ աստուածաբան Փիեռ Լոմբարի մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Փիեռ Լոմբար եղած է 12-րդ դարու մեծագոյն աստուածաբաններէն մէկը։ Ծնած է Իտալիոյ հիւսիսը, ուսումը կատարած Պոլոնիա համալսարանը ապա անցած Ռէնս եւ յետոյ Փարիզ։ Իր երկերէն մէկը ''դատավճիռներ'' անունով որդեգրուած էր դարեր շարունակ որպէս աստուածաբանութեան դասագիրք։

Փիեռ Լոմբարին հետեւելով՝ որուն մտածումը արդիական կը մնայ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կը հրաւիրեմ աստուածաբանները եւ քահանաները, որ ամբողջական ու միացեալ տեսութիւն ունենան քրիստոնէական վարդապետութեան վրայ, որպէսզի իւրայատուկ ճշմարտութիւնը չ՝ենթարկուի ապաարժէքաւորումի։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրօնագիրքը, մեզի կը պատկերացնէ ամբողջ քրիստոնէական Յայտնութիւնը։ Կը քաջալերեմ հաւատացեալները եւ քրիստոնեայ համայնքները որ շահագործեն այդ միջոցները, լաւագոյնս ճանչնալու ու խորացնելու մեր քրիստոնէական հաւատքը։ Անիկա մեզի կը ներկայանայ որպէս կատարեալ ներդաշնակութիւն , որ մեզի կը խօսի Աստուծոյ ու Անոր սիրոյ մասին ու կը խթանէ մեզ անվերապահօրէն յարելու Աստուծոյ կամքին։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. հետեւինք Փիեռ Լոմբարի ուսուցումին ու ճանչնանք խորհուրդներու կարեւորութիւնը մեր քրիսրտոնէական կեանքին մէջ։ Խորհուրդները Եկեղեցւոյ գանձն են։



Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ անոնցմէ խնդրեց որ աղօթեն Աստուծոյ որպսէզի մեր սրտերուն մէջ հաստատէ պարզութիւնը եւ այսպէսով կարողանանք ճանչնալ զԱստուած որ մսուրի մէջ կը գտնուի։ Ձեզի բոլորիդ կը մաղթեմ բարի ու սուրբ նոր տարի մը, որ ձեզի առիթ ընծայէ աւելի մօտենալու Աստուծոյ ու եղբայրներուն։ Թող Ամենաբարին Աստուած ամէնքդ օրհնէ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն
բոլորին մաղթելով որ Նոր Տարին ըլլայ անդորր ու բարի իղձերով լեցուն տարի մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.