2009-12-30 13:33:36

Նոր տարուան եւ Ս Ծննդեան տօնական օրերուն առիթով՝ Արամ Ա կաթողիկոս այցելեց Թռչնոց Բոյն:


Նոր տարուան եւ Ս Ծննդեան տօնական օրերուն առիթով՝ Արամ Ա կաթողիկոս այցելեց Թռչնոց Բոյն:

Նոր տարուան եւ Ս Ծննդեան տօնական օրերուն առիթով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս ուրբաթ, 25 դեկտեմբեր 2009-ին, Թռչնոց Բոյնի մանուկներուն կողմէ յատուկ կերպով պատրաստուած Նոր տարուան խրախճանքին ներկայ գտնուեցաւ՝ ուրախացնելու համար գուրգուրանքի կարօտ հայ մանուկներն ու պատանիները։

Մանուկներուն ուրախութիւն պատճառող սոյն տարեկան հաւաքոյթը իր գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապայի ժամանումով, որ իր բարոյական ու նիւթական կաղանդչէքերով զուարճացուց փոքրիկները։ Անոնք իրենց երգերով, արտասանութիւններով ու պարերով իրենց անհատական ձիրքերը յայտնաբերեցին, եւ ստացան վեհափառին օրհնութիւնը։ Մանկապարտէզի մանուկները իրենց ձեռարուեստը եղող յատուկ յիշատակ մը նուիրեցին վեհափառին՝ իրենց բարեմաղթութիւններուն բացիկն ալ յանձնելով անոր։

Այս առիթով վարժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը հանդիպում մը ունեցան վեհափառին հետ՝ մանրամասն քննարկումի ենթարկելով աշակերտութեան կրթական, ուսումնական ու ընկերային վիճակը եւ կենցաղային ու սննդական պայմանները։ Վեհափառը հարկ եղած թելադրութիւնները կատարեց տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան՝ լաւագոյն հոգածութիւնը ցոյց տալու փոքրիկներուն։

Յաջորդ օրը, շաբաթ 26 դեկտեմբերի երեկոյեան, Թռչնոց Բոյնի աշակերտները Նոր տարուան իրենց խրախճանքը շարունակեցին այս անգամ հաստատութեան բոլոր բարերարներուն ներկայութեամբ։ Հայ մանուկներուն նկատմամբ իրենց սիրոյն իբրեւ արտայայտութիւն, խումբ մը բարերարներ իրենց ընտանեկան պարագաներով ներկայ գտնուեցան սոյն հաւաքոյթին՝ Ամանորի առիթով թանկարժէք նուէրներ բերելով պատսպարեալ փոքրիկներուն։

Թռչնոց Բոյնի տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ երախտագիտական իր խօսքը ուղղեց անոնց կատարած բարերարութիւններուն համար։ Կաղանդի խանդավառ մթնոլորտը աւելի եւս ճոխացաւ Կաղանդ պապային ժամանումով, որ դարձեալ նուէրներ բաշխեց մեծին թէ փոքրին։



ՈՒՐԱԽ ԿԱՂԱՆԴԸ ԻՍԿԱԿԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՃԱՌԵՑ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ



Այս տարի սակայն լիբանանահայ մանուկները առիթը ունեցան շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ ապրելու Կաղանդ պապուկին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն հետ, ականատես եւ մասնակից ըլլալու Նոր տարուան սեմին տեղի ունեցող նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ նշելու բոլորին սիրելի այդ անձնաւորութեան տարեդարձը։

Նման հաճելի, իւրայատուկ եւ զուարթ պահեր ապրելու առիթը տուողը Ուրախ տարեդարձ խումբն էր, որ շաբաթ, 26 եւ կիրակի, 27 դեկտեմբերին՝ յետմիջօրէի ժամը 5։00-ին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը վերածած էր Կաղանդ պապային բնակարանին, ուր կ'ապրէին Կաղանդ մաման, անոնց աղջնակը, ինչպէս նաեւ կային Կաղանդ պապուկին երեք օգնականները։

6 հոգիէ բաղկացած խմբակով Ուրախ տարեդարձը կրցաւ ուրախութիւն սերմանել մանուկներուն անմեղ սրտերուն մէջ, զանոնք հաղորդակից դարձնել Կաղանդ պապային տան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ բոլորին համար անհասանելի թուացող այդ կերպարը հաղորդական ու իսկական ներկայութեան վերածելով։

Սրահը լեցուցած մանուկները, նաեւ ծնողները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, մանուկները իրենց կարգին տարբեր առիթներով բեմ բարձրացան եւ յարդարեցին Կաղանդ պապային տան ճաշասեղանը, Կաղանդի ծառը եւ այլն։

Թատերական ներկայացման, պարերու եւ երգերու ճամբով Ուրախ տարեդարձի Ուրախ կաղանդ ծրագիրը իսկական նուէր մը եղաւ լիբանանահայ մանուկներուն, որոնք հանդիսութեան աւարտին առիթ ունեցան լուսանկարուելու Կաղանդ պապային եւ մամային հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.