2009-12-30 13:42:10

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՏԱՐԻ ԷՐ(ԿԸՍԷ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ) ։
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուցած է նախորդ տարուան ընթացքին նախարարութեան ունեցած իրագործումները։ Ան նշած է, որ նախարարութիւնը իր գործունէութեան եւ գոյութեան մէկ տարուան ընթացքին ունեցած է շարք մը ձեռքբերումներ,մասնաւորաբար՝ իրաւական, տնտեսական, դիւանագիտական, կրթական, մշակութային եւ տեղեկատուական մարզերուն մէջ։ Այսօր կարելի է նշել, որ Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ արդէն լիարժէքօրէն կը գործէ նախարարութիւն մը եւս, որ կը կոչուի Սփիւռքի Նախարարութիւն(ընդգծած է Հրանուշ Յակոբեան)։Բնականաբար, իրագործումներու եւ յաջողութիւններու ընթացքին նաեւ եղած են դժուարութիւններ։ Ըստ Յակոբեանի, համաշխարհային տնտեսական տագնապը ազդեցութիւն ունեցաւ նաեւ նախարարութեան ծրագիրներուն եւ գործունէութեան վրայ։
ՀՀ նախագահական նստավայրի մէջ հիւրընկալուեցան դպրոցներու ոսկէ մետալի յաւակնորդները ։
ՀՀ նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալուեցան հանրապետութեան հանրակըրթական դպրոցներու գալիք տարուայ ոսկէ մետալի յաւակնորդ շրջանաւարտները։ Հանդիպումը նախաձեռնած էր Հայաստանի առաջին տիկինը Ռիթա Սարգսեանը, եւ տարեմուտի տօնական ընդունելութիւնը համատեղած ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան յայտարարած հանրապետական ՝՝Ով, եթէ ոչ ես՝՝ խորագրով շարադրութիւններու մրցոյթի հետ, որը տեղի ունեցած է մետալի յաւակնորդներու շրջանի մէջ Դեկտեմբերին։ Ընտրուած են լաւագոյն 20 շարադրութիւնները։ ՀՀ Կրթութեան եւ Գի տութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի խօսքերով մետալի թեկնածուներէ աւարտական քննութիւններու արդիւնքին մետալ կը ստանայ մօտ 20 տոկոսը։ Անցեալ տարի մետալի համար յատուկ քննութիւններու 106 մասնակիցներէ մետալ ստացած են 32-ը։ ՀՀ առաջին տիկինը Ռիթա Սարգսեան առաջինը որ ողջունեց մետալի յաւակնորդները փափաք յայտնելով, որ անոնք ընդունուին իրենց նախընտրած ՄՈՒԴ-երը, եւ անկախ ընտրած մասնագիտութիւնէ՝ դառնան երկրի համար պիտանի մասնագէտներ։ Ներկաները ողջեւնեց նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը,շնորհաւորելով Նոր Տարուան առիթով, ինչպէս նաեւ դպրոցականներու ձեռքբերումները, գործօն քաղաքացի ըլլալ մաղթելով։ ՀՀ նախագահն ու առաջին տիկինը լուսանկարուեցան հանրակըրթական դպրոցներու լաւագոյն աշակերտներուն հետ։ Երկրի ղեկավարը անոնց նուիրեց Գրգիգոր Նարեկացիի ՝՝Մատեան Ողբերգութեան՝՝ ստեղծագործութեան հրատարակութիւնը։

Միջազային Առարկայական Ողիմպիականերու Մէջ Յաղթած Աշակերտները Կը Պարգեւատրուին Համակարգիչներով։
ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարի հրամանով 2009 թուականին միջազգային առարկայական ողիմպիականերու մէջ յաղթած դպրոցականները, անոնց ուսուցիչներն ու խումբերու ղեկավարները պարգեւատրուած են։ Ողիմպիականերու մէջ յաղթած աշակերտներուն շնորհուեցան համակարիչներ, իսկ խումբերու ղեկավարներուն եւ դասավանդող ուսուցիչներուն դրամական պարգեւներ։ Այս տարի Հայաստանը մասնակցած է մաթեմատիկա, ֆիզիկա, ինֆորմատիկա, աստղագիտութիւն, քիմիա, կենսաբանութիւն առարկաներու միջազային ողիմպիականերուն, մրցանակային տեղեր գրաւելով մաթեմատիկայէ, ֆիզիկայէ, ինֆորմատիկայէ եւ աստղագիտութենէ ներս։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ՈՐՈՇՈՃՄՈՎ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ՕՐ ։ ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».-  Հայ առաքելական համայնքի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով յառաջիկայ Յունուար 6-ը (2010) Լիբանանի մէջ պիտի ըլլայ պաշտօնական արձակուրդի օր։ Վարչապետ Սաատ Հարիրի արդարեւ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Լիբանանի տարածքին գործող պետական բոլոր հաստատութիւնները, քաղաքապետարաններն ու դրամատուները փակ պիտի մնան յառաջիկայ Չորեքշաբթի՝ Յունուար 6ին, Հայ Առաքելական ՀՐամայնքի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով։
- "News.am" կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեան ընտրուած է ԱՊՀ-ի երկիրներու մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն։
 /a>
մեր Ունկնդիրներուն եւ Կայքէջի Ընթերցողներուն։
Ռատիօ Վատիկանի անձնակազմը սրտանց կը շնորհաւորէ բոլորին Նոր Տարին,մաղթելով լաւ նորութիւններով լեցուն խաղաղ ու երջանիկ 2010։







All the contents on this site are copyrighted ©.