2009-12-29 12:42:43

Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վաիննէ –

Խոստովանահայրը


Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վաիննէ –

Խոստովանահայրը



Բնականաբար միայն ապաշխարողը գիտէ թէ ինչ կ’անցնի կը դառնայ խոստովանարանի մէջ իր եւ վարդապետին միջեւ: Յայտնի է, Տէր Վիաննէ Արս հասնելուն առաջին շրջանին չափազանց խստապահանջ է, կը խորհի թէ մէկը արձակում առնելու համար, պէտք է կատարելապէս Աստուծոյ դարձած ըլլայ: Սակայն կամաց կամաց կը հասկնայ թէ հանգրուան առ հանգրուան կ’ըլլայ այդ անցքը: ’’Ո՛հ, Աստուծոյ անչափ համբերութիւնը’’ կը բացականչէ օր մը:



Հովուական կեանքը որու ընթացքին ամէն օր առիթ ունի լսելու իւրաքանչիւրին հարցերը, ապաշխարողներու բազմութիւնը, իր եպիսկոպոսին՝ Գերպ. Տեվիի իմաստուն խորհուրդները, իր սրտին անհուն բարութիւնը եւ Ս. Հոգիին շնորհքը, այս բոլորը մղեցին Ժան Մարի Վիաննէն, հրաժարելու իր խստութենէն եւ ըլլալու թողութեան եւ գթութեան մարդը:

Ինք անձամբ կ’ըսէ եղբայր Աթանասին.

-Արդեօք ես կրնա՞մ խիստ ըլլալ մարդոց հետ, որ այնքան հեռուէն կու գան, որ այնքան զոհողութիւններ յանձն կ’առնեն եւ յաճախ ստիպուած են պահուըտելու, հոս գալու համար:

Ուրիշ պարագայի մը.

-Աստուած հայրիկը ինծի ցոյց տուաւ թէ որքան զիս կը սիրէ, երբ կ’աղօթեմ խեղճ մեղաւորներուն համար:

Իր, Աստուծոյ մասին ըսածներէն կ’արտացոլայ իր հոգիին իրավիճակը:

-Աստուած հայրիկը աւելի փոթով պիտի ներէ մեղաւորի մը, քան մայր մը իր զաւակը կրակէն դուրս պիտի քաշէ:

Անոնք որ բաներ մը յայտնած են Տէր Վիաննէի հետ ունեցած իրենց յարաբերութենէն, կը շեշտեն իր դատողութիւնը: Յետ քանի մը բառ լսելու խոստովանողէն, ինք մնացածը կը հասկնայ եւ մատը կը դնէ ճիշդ վէրքին վրայ. մերթ պատշաճ հարցում մը, քաջալերական խօսք մը եւ վերջ: Վկայ մը կը պատմէ.

-Իրեն երկու պատրաստուած հարցում ուղղեցի: Անմիջապէս, տեղւոյն վրայ պատասխանեց առանց տատամսելու:

Սակայն, իր խօսքը միշտ սրտին կը հասնի եւ հոն բան մը կը փոխուի: Իր խոստովանցնողի անհուն յաջողութիւնը ուրիշ ձեւով չի բացատրուիր… Քանի որ ի վերջոյ այդ օրերուն ուրիշ քահանաներ ալ կային, որ բարութեամբ եւ ընտրողութեամբ կը խոստովանցնէին: Ուրեմն ինչո՞ւ ինքը այսքան փնտռուած է:

Պէտք է ընդունինք թէ ինք մասնայատուկ շնորհք մը, պարգեւ մը, պարգեւաշնորհք մը ընդունած է:

Կը պատահի որ կը հառաչէ, կը յուզուի: Տէ Կարէ կոմսուհին կը վկայէ թէ ‘իր արցունքները յաճախ տպաւորիչ յորդոր մըն էին’:

Ուրիշ վկայ մը կը յայտարարէ.

-Այնքան արցունք կը թափէր, որ կարծես իր մեղքերուն վրայ կու լար:

Եւ ապաշխարողի մը, որ զարմացած է վարդապետի յուզմունքին վրայ, կ’ըսէ.

-Ես կու լամ, որովհետեւ դուն չես լար:



Քանի մը անձեր կ’ուզեն հետը խօսիլ խոստովանանքէն դուրս: Մէկը, որ ինքզինքը անհաւատ կը նկատէ, քովը կու գայ հետաքրքրութեան համար: Տէր Վիաննէ ո՛չ փիլիսոփայ է , ոչ ալ բանագնաց: Ինք միայն խոստովանցնել գիտէ: Մարդուն կը դառնայ եւ կ’ըսէ հեղինակաւոր կերպով.

-Հոն կեցիր ու խոստովանէ:

Մարդը կը հնազանդի եւ դուրս կ’ելլէ բոլորովին փոխուած եւ երջանիկ: Վարդապետը զինք կը ղրկէ որ հաղորդուի:

-Մի՛ ըսեր թէ արժանի չեմ: Ճիշտ է արժանի չես, բայց պէտք ունիս Ս. հաղորդին:

Նման դէպքեր կը կրկնուին յաճախ եւ դարձի պարագաները բազմաթիւ են:








All the contents on this site are copyrighted ©.